ԵՐԲ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԱՅ… ԲԱՑԻ ԻՐՄԷ

Մարդիկ սովորաբար Աստուծոյ մասին աւելի շատ կը մտածեն նեղութեան օրերուն, քան՝ բարեկեցութեան մէջ։ Երբ դժուարութիւններու հանդիպինք, աղօթքը կը շատնայ եւ Աստուծմէ աւելի յաճախակի օգնութիւն կը հայցենք։ Սակայն երբ կեանքը հանգիստ ըլլայ, մեր սեղանները առատ, գործերը լաւ եւ ամէն բան ապահով թուի, մեր հաւատքը երբեմն կը սկսի թուլանալ։ Այդ պատճառով ալ Սուրբ Գիրքը մեզ կը զգուշացնէ ոչ միայն աղքատութեան, այլ նաեւ առատութեան վտանգներուն մասին։

Յովէլ մարգարէի գիրքը այս ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէ։ Ան կը նկարագրէ ժամանակ մը, երբ մարախներու ահաւոր բազմութիւն մը կը ներխուժէ Յուդայի երկիրը եւ կը կործանէ արտերը, այգիներն ու պտղատու ծառերը։ Ժողովուրդը իր աչքերով կը տեսնէր այդ աղէտը, սակայն անոր մէջ միայն բնական պատուհաս մը կը նկատէր։ Այդ ատեն Յովէլ մարգարէն կոչ կ’ուղղէ ժողովուրդին՝ տեսնելու իրականութիւնը. Մարգարէն կը բացայայտէ, թէ աղէտը զարթուցիչ մըն էր, որ զանոնք ապաշխարութեան եւ Աստուծոյ վերադառնալու կը հրաւիրէր։ Խնդիրը միայն կորսուած բերքը չէր, այլ այն, որ ժողովուրդը իր Տիրոջ հետ ունեցած յարաբերութեան նկատմամբ անտարբեր դարձած էր։ Այդ պատճառով մարգարէն կը հրաւիրէ բոլորին՝ սրտանց դառնալու Աստուծոյ, որովհետեւ Ան ողորմած է, գթած եւ բազումողորմ։

Ուրեմն, հոն՝ այդ գիրքին մէջ կը պատկերուի Աստուծմէ եկած առատութիւնն ու օրհնութիւնը, եւ թէ ինչպէս անոնք սկսած էին գրաւել ժողովուրդին ուշադրութիւնը, իսկ Ինքը՝ Օրհնողն ու տուողը՝ մոռացութեան մատնուիլ։ Անոնք կը վայելէին Աստուծոյ պարգեւները, բայց չէին վայելէր պարգեւողը։

Այս երեւոյթը օտար չէ մեր իրականութենէն. որքան շատ բաներ ունենանք, այնքան կը սկսինք վստահիլ մեր ունեցածին՝ փոխանակ Աստուծոյ։ Կրնանք մեր ապահովութիւնը տեսնել դրամատան հաշիւներուն մէջ, մեր արժէքը՝ մեր յաջողութիւններուն մէջ, եւ մեր ուրախութիւնը՝ նիւթական ձեռքբերումներուն մէջ։ Այդ պահուն առատութիւնը այլեւս օրհնութիւն չէ, այլ՝ փորձութիւն։

Նոյն այս պատաճառով Մովսէս մարգարէն կը զգուշացնէր իր ժողովուրդին ըսելով. «երբ ուտես ու կշտանաս եւ գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ ու երբ արջառներդ եւ հօտերդ շատնան ու նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ քու բոլոր ունեցածդ շատնայ, թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս» (Բ. Օր 8.14)։

Քրիստոս ալ նոյն վտանգին մասին խօսեցաւ, երբ ըսաւ, թէ դժուար է հարուստին համար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Խնդիրը հարստութիւնը չէ, այլ այն ուժը, որ հարստութիւնը ունի մարդուն սիրտը գրաւելու եւ Աստուծոյ տեղը գրաւելու։

Ուստի ամէն բանի մէջ եւ ամէն բանի համար պէտք է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ, նոյն ջերմեռանդութեամբ աղօթել միշտ եւ վստահիլ Աստուծոյ ամէն պարագայի։

Յովէլ մարգարէի պատգամը վերջապէս ապաշխարութեան եւ վերադարձի կոչ մըն է եւ Աստուծոյ կամքը կը յայտնէ, որ կ’ուզէ  մեր սիրտը ունենալ եւ Իր տուած պարգեւները օգտագործել մեզ իրեն մօտեցնելու։ Որովհետեւ, մեր իրական գանձը այն չէ, ինչ ունինք մեր ձեռքերուն մէջ, այլ Ան, որուն ձեռքերուն մէջ կը գտնուի մեր ամբողջ կեանքը։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան