1. Քրիստոս Ի՞նչ խոստացաւ առաքեալներուն ղրկել։
Քրիստոս խոստացաւ անոնց ղրկել Սուրբ Հոգին, որպէսզի մխիթարէ, զօրացնէ եւ բնակի անոնց հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն հետ յաւիտեան։ (Յովհ. ԺԶ 7-15)
2. Ո՞վ է Սուրբ Հոգին։
Սուրբ Հոգին Սուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձն է, Հօր եւ Որդւոյն համագոյակից ու նոյն էութենէն, ճշմարիտ Աստուած։ (Տե՛ս Դաս Ժ.)
3. Ինչո՞ւ Սուրբ Հոգին կը կոչուի «անստեղծ եւ կատարեալ»։
Նիկիոյ Հանգանակին մէջ Սուրբ Հոգին կը կոչուի անստեղծ եւ կատարեալ, որովհետեւ ինչպէս Հայրը եւ Որդին, ան առանց սկզբնաւորութեան է եւ յաւիտենական է. ստեղծուած չէ, այլ ինքնագոյ Աստուած է։
4. Ի՞նչ պէտք է հաւատանք Սուրբ Հոգիին մասին։
Պէտք է հաւատանք, թէ Սուրբ Հոգին Աստուած է, որ մեզի կը շնորհէ այն շնորհները, որոնք անհրաժեշտ են մեր փրկութեան համար։ Անոնց արժանանալու համար բաւական է, որ անկեղծ սրտով եւ անտարակոյս հաւատքով խնդրենք Իր աստուածային շնորհքը։

5. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Սուրբ Հոգին Աստուած է։
Որովհետեւ Սուրբ Գիրքը զինք Աստուած կը կոչէ (Գործք Ե 3-4, Ա. Տիմ. Գ 16), եւ անոր կու տայ բոլոր աստուածային կատարելութիւնները, ինչպէս՝ ամենագիտութիւն (Ա. Կոր. Բ 10), ամենուրեք ներկայութիւն (Սաղմ. ՃԼԹ 7-8), ամենակարողութիւն (Ա. Կոր. ԺԲ 8-14) եւ այլն։
6. Քանի՞ տեսակ են Սուրբ Հոգիի շնորհքները։
Սուրբ Հոգիի շնորհքները կամ պարգեւները երկու տեսակ են՝
- Սովորական շնորհքներ
- Արտակարգ շնորհքներ
7. Որո՞նք են անոր սովորական շնորհքները։
Սուրբ Հոգիին սովորական, բայց փրկարար շնորհքները, որոնք ան կը շնորհէ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար այս եօթն են.
- Իմաստութիւն
- Հանճար կամ հասկացողութիւն
- Խորհուրդ
- Զօրութիւն
- Գիտութիւն
- Աստուածպաշտութիւն
- Տիրոջ երկիւղ
16. Ի՞նչպէս պէտք է վարուինք Սուրբ Գրքին նկատմամբ։
Սուրբ Գրքերը տրուած են Սուրբ Հոգիի ներշնչումով. ուստի պէտք է յաճախ ուսումնասիրենք Սուրբ Գիրքը, մանաւանդ Սուրբ Աւետարանները, նախանձախնդիր հաւատքով, խոնարհ մտքով, եւ ջերմ փափաքով ու աղօթքով՝ հասկնալու համար անոնց մէջ պարունակուած ճշմարտութիւնները եւ կատարելու այն, ինչ Սուրբ Հոգին այնտեղ կը պատուիրէ մեր փրկութեան համար։
17. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Սուրբ Գիրքը ճշմարիտ է։
Աստուածաշունչը սկիզբէն մինչեւ վերջ ճշմարիտ եւ սուրբ է, որովհետեւ թէեւ գրուած է մարդոց ձեռքով, բայց անոր իրական հեղինակը ոչ թէ մարդ է, այլ Սուրբ Հոգին։ Ահա թէ ինչու Պետրոս առաքեալը յստակօրէն կ’ըսէ. «Աստուծոյ սուրբ մարդիկ խօսեցան Սուրբ Հոգիէն մղուած» (Բ. Պետր. Ա 21)։ Ուստի գեղեցկութեամբ, քաղցրութեամբ, հեղինակութեամբ եւ սրբութեամբ Աստուածաշունչին համեմատուելիք գիրք չկայ։ (Դաս ԺԴ.)
18. Սուրբ Հոգին պիտի ներէ՞ մեր մեղքերը։
Սուրբ Հոգին չափազանց գթառատ եւ երկայնամիտ է. ան մեզի ժամանակ եւ առիթներ կու տայ, որպէսզի խոհեմանանք եւ Իրեն դառնանք, որպէսզի Իր շնորհքի աղբիւրները բխին մեր սրտերուն մէջ։
19. Եթէ ան մեզի հետ խստութեամբ վարուէր, ի՞նչ պիտի ըլլար մեզի։
Եթէ Սուրբ Հոգին խստութեամբ դատէր մեզ, մեր ահաւոր ապերախտութեան պատճառով մէկ վայրկեան իսկ անպատիժ չէինք կրնար մնալ։ Ուստի որքան երախտագիտական սէր պէտք է ընծայենք Սուրբ Հոգիին՝ Իր շնորհքին եւ մեր անարժանութեան հանդէպ ցուցաբերած երկայնամտութեան համար։
20. Ինչպէ՞ս պէտք է քրիստոնեան հաւատայ, որպէսզի Սուրբ Հոգին բնակի իր սրտին մէջ։
Քրիստոնեան, որպէսզի արժանի ըլլայ հոգի փրկող շնորհքին, պէտք է ամբողջ սրտով հաւատայ Սուրբ Հոգիի աստուածութեան, ջանայ կատարել Իր կամքը (որ կը սորվի Սուրբ Գրքերէն), լսէ Իր սպասաւորներուն խրատները եւ հեռու մնայ ամէն ունայնութենէ ու պղծութենէ, որոնք կը վիրաւորեն Սուրբ Հոգին, ինչպէս կ’ուսուցանէ առաքեալը (Եփես. Դ 30)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
21. Ապաշխարութիւն չունեցող մեղաւորներն ալ կը վայելե՞ն Սուրբ Հոգիի ողորմութիւնը։
Ապաշխարութիւն չունեցող մեղաւորները ոչ մէկ իրաւունք ունին Սուրբ Հոգիի խոստացուած ողորմութեան վրայ։ Անոնք ամէն օր մեղքի մէջ կը թաւալին, կը մերժեն Զինք եւ իրենց սիրտերը կը փակեն Իր սրբացնող շնորհքներուն առջեւ։ Եթէ մինչեւ մահ անապաշխար մնան, իրենք զիրենք պիտի զրկեն այն մեծ փրկութենէն, զոր Աստուած պատրաստած է ապաշխարող հաւատացեալներուն համար։
(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)