Տարիներ առաջ երբ Գանատա եկայ, կը յիշեմ լուրջ հարց էր մարիկուանա ծխելու հարցը. Մի քանի օրեր առաջ, մէկը ինծի հարցուց, եթէ մարիկուանա ծխելը մեղք է կամ ոչ, մանաւանդ երբ անոր գործածութիւնը պետութիւններ օրինական յայտարարած են, ինչպէս Միացեալ Նահանգներն ու Գանատան։
Անձնապէս տպաւորուած եմ, թէ այսօր ընդունելի կը նկատուի մարիկուանայի գործածութիւնը նոյնիսկ անոնց կողմէ որոնք չեն ծխեր, եւ միայն փոքրամասնութիւն մը միայն զայն բարոյապէս սխալ կը համարէ։
Աւետարանը ի՞նչ կ’ըսէ այդ մասին։ Կը վայելէ՞ մեր կոչումին (Եփ. 4.1)։
Բնականաբար Աստուածաշունչը մարիկուանայի մասին չի խօսիր. Այն ատեն գոյութիւն չունէր այս եւ ուրիշ բաներ։ Աստուածաշունչին մէջ չկայ համար մը, որ կ’ըսէ. «Մարիկուանա մի՛ ծխեր»։ Սակայն սուրբ գիրքին սկզբունքները մեզ կը հասցնեն այն եզրակացութեան, թէ մարիկուանան տեղ չունի քրիստոնեային կեանքին մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է, որ քրիստոնեան ապրի սթափ մտքով, ինքնատիրապետումով եւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ, ոչ թէ այնպիսի նիւթերու ազդեցութեան տակ, որոնք կը մթագնեն դատողութիւնը կամ կը փոխեն գիտակցական վիճակը։
Հետեւաբար, թէեւ այս հարցին մասին բացայայտ արգիլք չի ներկայացներ Աստուածաշունչը, անոր սկզբունքները կարեւոր ուղեցոյց կը հանդիսանան քրիստոնեայի համար։
Օր մը մարիկուանա ծխող անձի մը հարցուցած եմ, թէ ի՞նչ կը փնտռէ մարիկուանային մէջ։ Ան մէկ պատճառ տուաւ, եւ ըսաւ «թմրելու» կամ “բարձրանալու” համար. եւ ըսաւ «Ուրիշ ինչո՞ւ մարդը մարիկուանա պիտի ծխէ»։
Հաւանաբար չեմ գիտեր եւ կրնայ ըլլալ որ անոր գործածութեան ուրիշներ նպատակներ ալ ըլլան. Բայց եկէք անկեղծ ըլլանք, հիմնականօրէն մարդիկ զայն կը գործածեն «թմրելու» (drowsiness) կամ «բարձրանալու» համար (to get high), որ ինքնաթունաւորումի (intoxication) ձեւ մըն է։
Սուրբ Գիրքը յստակ կերպով կը դատապարտէ գիտակցաբար ինքնաթունաւորումը։ Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն կը գրէ. «Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. Այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք» (Եփ. 5.18)։
Աստուածաշունչի այլ հատուածներ եւս կը խօսին գինիի եւ ոգելից խմիչքներու մասին, որովհետեւ անոնք էին այն ժամանակուայ ամենատարածուած թունաւորիչ միջոցները։ Օրինակ, Առակաց 23.29–35-ը կը նախազգուշացնէ գինիին անձնատուր ըլլալու վտանգներուն մասին։
Հետեւաբար, քրիստոնէական տեսանկիւնէն խնդիրը այն է, թէ մեր գործածած բաները կը վնասե՞ն մեր միտքը, ինքնատիրապետութիւնը, եւ կը հեռացնե՞ն մեզ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութենէն։
Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ, թէ գինովնալը մեղք է. Գաղատացիներու գիրքի 5.19–21-ին մէջ նշուած է այն մեղքերուն շարքին, որոնց անձնատուր եղողները «Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» որովհետեւ հակասութեան մէջ է Սուրբ Հոգիին թելադրած կեանքին հետ։ Նոյն միտքը կը տեսնենք նաեւ Ա. Կորնթացիներ 6.9–10 եւ Ա. Պետրոս 4.3 համարներուն մէջ։
Խմիչքին եւ մարիկուանային պատճառած «թմրութիւն»ը կամ «բարձրացում»ը, մեղքը է, որովհետեւ անոր բարոյական անկում կը յաջորդէ։ Օրինակ, Նոյը իր հարբեցողութեան պատճառով մերկացաւ (Ծննդ. 9.21), Ղովտը՝ իր հարբած վիճակին մէջ մեղանչեց ու պղծութիւն գործեց (Ծննդ. 19.30–38), Նաբաղ իր եւ ընտանիքին կեանքը վտանգի տակ դրաւ (Ա. Թագ 25.36), իսկ Կորնթոսի եկեղեցւոյ հաւատացեալները իրենց անպատշաճ վարքով արհամարհեցին Տիրոջ Սեղանը (Ա. Կոր 11.21)։ Եւ դուք հաւանաբար աւելի լաւ գիտէք այն բոլոր աղէտները, որ թմրեցուցիչներու կամ խմիչքներու պատճառով ծնունդ կ’առնեն ընտանիքներու, ընկերութիւններու եւ մեր կեանքին մէջ, ինքնագիտակցութեան կորուստին հետեւանքով։
Ուրեմն, եթէ մարիկուանային հիմնական նպատակը «բարձրանալ» կամ «թմրիլ» է, եւ Սուրբ Գիրքին մէջ թմրութեան այդ վիճակը մեղք է, հետեւաբար, մարիկուանայի միջոցով գիտակցաբար այդպիսի վիճակ փնտռելը կը դառնայ անհամապատասխան Քրիստոսի ուզած կեանքին։
Յստակ ըլլալու համար, Աստուածաշունչը մեղք կը համարէ հարբեցողութիւնը (գինովնալը), բայց գինիի պատշաճ եւ չափաւոր գործածութիւնը չի դատապարտեր։ Աւելին, գինին իբրեւ Աստուծոյ պարգեւը կը ներկայացուի Աստուածաշունչին մէջ (Սղ 104.15, Ժողովողի 9.7, Առակաց 3.10, Բ. Օրինաց 14, եւ Յովհաննէս 2)։
Ուրեմն, կարելի՞ է գինիին պէս չափաւորութեամբ գործածել մարիկուանան։
Ոչ. Որովհետեւ, եթէ մէկը կրնայ սահմանափակ քանակով խմիչք խմել, չի կրնար նոյնը ընել այն ծխախոտով։ Մարիկուանայի մէկ-երկու քաշքշուք, արդէն կը սկսի թմրելու կամ բարձրանալու ազդեցութիւնները։ Իսկ եթէ նոյնիսկ ճշգրիտ չըլլայ այս մտածումս, պէտք է ի մտի ունենալ, որ Սուրբ Գիրքին «թմրութեան» կամ «անգիտակցութեան» արգելքը կը վերաբերի նաեւ այն պարագային, երբ քրիստոնեան գիտակցաբար կը փնտռէ այդ վիճակը. Եւ հոս գիտութիւնը կը փաստէ, թէ մարիկուանայի գործածութիւնը լուրջ բացասական առողջապահական հետեւանքներ ունի եւ անոր գործածութիւնը պատճառ կը դառնայ ցնորաբանութեան (delusion), խելացնորութեան (paranoia) եւ հոգեկան այլ ախտանիշներու, ֆիզիքական եւ ընկերային ուրիշ դժուարութիւններու կողքին։
Մարմինին հոգ տանիլը կարեւոր է եւ շատերս կրնանք աւելի լաւ սննդատեսակներով ու մարզանքով այդ մէկը ընել։ Բայց, դիտումնաւոր կերպով սեփական մարմնին լուրջ վնաս պատճառելը, հոգեկան առողջութեան խնդիրներու վտանգը բարձրացնելը, եւ առողջ միտքը թուլացնելը Աստուծոյ փառք չի բերեր։
Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր, որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։ Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց։ Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա. Կոր 6.19–20)։
Վերջապէս, այս յօդուածը չարծարծէր մարիկուանան բժշիկներու հսկողութեան տակ կամ անոնց թելադրութեամբ գործածութեան մասին եւ չառաջարկէր, թէ նման դեղեր սահմանափակ եւ անհրաժեշտ պարագաներու մէջ ընդունիլը մեղք է։
Մարիկուանան կամ այլ հարցեր պիտի շարունակեն մնալ մեր ամենօրեայ կեանքին անբաժան մէկ մասը. Քրիստոսի հաւատացողներուն կը մնայ աղօթքով առաջնորդուիլ եւ խոհեմ որոշումներ առնել եւ կարեկցիլ անոնց, որոնք մոլութեան մէջ բռնուած են։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան