Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընդունեց Աշխարհի Ախոյեան Ծանրաբարձուհի Նազիկ Ավտալեանի այցելութիւնը։
Տիկին Ավտալեանի կ՚ընկերակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան Քեպէգի Պատւոյ Հիւպատոս՝ Տիար Լեւոն Աֆէյեանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին՝ Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Տիար Յակոբ Պուլկարեանը, Տիար Թորոս Պապիկեանը եւ Տիար Զաւէն Չոքաքլեանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Տիկին Ավտալեանին եւ շեշտեց կարեւորութիւնը Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդումը ընդհանրապէս եւ յատկապէս մարզական ծիրէն ներս։
«Վստահ ենք, որ նման հանդիպումներն ու շփումները կը քաջալերեն մեր մարզասէր պատանիներն ու երիտասարդները աւելի մասնագիտական բարձրունքներու հասնելու եւ ինչու չէ Հայաստանը ներկայացնելու միջազգային բեմերու վրայ» ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ