Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն

Կիրակի 31 Մայիս 2026-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, նախքան քարոզը, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութեան հոգեպարար արարողութիւն կատարուեցաւ, ձեռամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի եւ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն: Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգիստ պաշտօն կատարուեցաւ,  վասն հոգւոց՝ 28 Մայիս 1918-ի Քաջամարտիկ նահատակներուն, որոնք կերտեցին Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը: