Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, Հայ Օգնութեան Միութեան Պապայեան Մանկապարտէզի «Ծաղիկ» դասարանի աշակերտութիւնը, իրենց ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր զիրենք ջերմօրէն դիմաւորեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը։
Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեանի բարի գալուստի եւ հայրական սիրով լեցուն խօսքէն ետք, փոքրիկները միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, «Սուրբ Աստուած» շարականը երգեցին եւ ապա Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։
Այս առիթով, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը եւ Հոգաբարձութիւնը կը շնորհաւորեն «Ծաղիկ» դասարանի աշակերտները, իրենց նուիրեալ ուսուցիչները եւ ծնողները՝ մաղթելով Աստուծոյ ամենառատ օրհնութիւնն ու առաջնորդութիւնը։