Կարծիք Ունի՞ս

Երբեւէ անդրադարձա՞ծ էք, թէ մարդ արարածը որքան դիւրութեամբ եւ երբեմն՝ որքան ինքնավստահութեամբ իր կարծիքը կը յայտնէ գրեթէ ամէն բանի մասին։ Կարծես միշտ ըսելիք մը ունինք, միշտ մեկնաբանութիւն մը, դատողութիւն մը կամ գնահատական մը՝ նոյնիսկ այն հարցերուն շուրջ, որոնց ամբողջական պատկերը տակաւին չենք հասկցած։

Այս երեւոյթը յատկապէս ակնյայտ է ընկերային ցանցերու աշխարհին մէջ։ Ոեւէ նիւթի կամ դէպքի շուրջ անմիջապէս կը սկսին անզուսպ մեկնաբանութիւններ, հակադիր կարծիքներ, վիճաբանութիւններ եւ երբեմն ալ՝ մեղադրանքներ։ Շատ յաճախ մարդիկ կը շտապեն արտայայտուիլ՝ առանց դէպքը ամբողջութեամբ ուսումնասիրելու, առանց բոլոր կողմերը լսելու եւ առանց պահ մը մտածելու, թէ իրենց խօսքը կրնա՞յ լուսաբանել, թէ ընդհակառակը՝ աւելի բարդացնել ու լարել մթնոլորտը։

Աշխարհի մէջ կատարուող անարդարութիւնները, պատերազմները, սպանութիւնները, խտրականութիւնները, անմեղներու տառապանքը, ընկերային ատելութիւնը եւ հասարակական բաժանումները մեզ բոլորս կը ցնցեն։ Բայց վտանգը այն է, որ մենք երբեմն ցաւին դիմաց կանգ առնելու փոխարէն՝ անմիջապէս խօսելու կը շտապենք։ Կարծես պարտաւոր ենք բան մը ըսել, իմաստուն երեւիլ, արդար բարկութիւնը ուղղել, կամ մեր դիրքորոշումը հրապարակել։ Իսկ եթէ պահ մը չգիտնանք ի՛նչ ըսել, կը կարծենք թէ ձախողած ենք։

Բայց քրիստոնէական իմաստութիւնը մեզի ուրիշ բան կը սորվեցնէ։ Կը յիշեցնէ, թէ ատեններ պէտք է լուռ մնալ, որպէսզի նոր ցաւի մը պատճառը չըլլանք, նոր զոհեր չըլլան, նոր բարկութիւններ եւ նոր ատելութեան պատճառ չըլլանք։ Հոս լռութիւնը իրականութենէն փախուստի կամ հեռանալու համար չէ. Այլ աղօթքով, մեր կարծիքը Աստուծոյ կամքին հետ շաղախելու եւ արտայայտելու։

Աստուածաշունչին մէջ այս գեղեցիկ խօսքը կայ. «Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստանը չե՞ս ըներ. Քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. Ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք» (Բ. Մն 20.12)։ Ահաւասիկ աղօթքի ճշմարիտ վիճակը։ Երբ չենք գիտեր ինչ ըսել, երբ չենք գիտեր ինչպէս բացատրել չարը, երբ չենք գիտեր ինչպէս մխիթարել սգաւորը, մեր աչքերը կը բարձրացնենք դէպի Աստուած։ Ասիկա խուսաբիլ չէ, այլ՝ հաւատք է։ Խոստովանութիւն է, որ մարդկային իմաստութիւնը սահման ունի, բայց Աստուծոյ ողորմութիւնը սահման չունի։

Աստուածաշունչը մեր փրկութեան բարի լուրն է, բայց միաժամանակ մեզի առաջնորդութիւն կու տայ նաեւ այն պահերուն, երբ մեր սեփական բառերը կը սպառին։ Սաղմոսները լեցուն են ողբով, ցաւով, հարցումներով եւ արցունքով։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, որ հաւատացեալ մարդը միշտ ժպտացող, ամէն ինչ հասկցող կամ ամէն բան բացատրող անձը չէ։ Հաւատացեալը նաեւ այն մարդն է, որ կը համարձակի Աստուծոյ առջեւ լալ, հարցնել, ցաւիլ, բայց այդ բոլորին մէջ՝ շարունակել վստահիլ։

Այս չի նշանակեր, որ քրիստոնեան պէտք է միշտ լուռ մնայ անարդարութեան դիմաց։ Ո՛չ։ Կան պահեր, երբ պէտք է խօսիլ, պաշտպանել տկարը, դատապարտել չարը եւ վկայել ճշմարտութեան մասին։ Բայց խօսքը պէտք է ծնունդ առնէ աղօթքէն, ոչ թէ բարկութենէն միայն։

Այսօր, երբ աշխարհը շատ կը խօսի եւ քիչ կը լսէ, Եկեղեցին օրհնութիւն է իր ուսուցումով, որ կը յիշեցնէ, որ երբ մեր սիրտը ծանր է կրնանք կարծիք մը տալէ աւելի՝ աղօթել, որով կը սկսի այն բուժումը, զոր մեր կոտրուած աշխարհը շատ պէտք ունի այսօր։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան