Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն ետք, երբ տակաւին աշակերտները յուսահատ էին, Տիրոջ Յարութիւնը կեանքի եւ յոյսի նոր արշալոյս մը բացաւ իրենց սրտերուն մէջ։ Անոնք ականատես ու ականջալուր եղան իրենց վարդապետին, զգացին անոր ներկայութիւնը։ Եւ ի վերջոյ Ս. Յարութենէն քառասուն օր ետք, Բեթանիայի լերան վրայ, Յարուցեալ Քրիստոս Իր աշակերտներուն Իր վերջին պատգամը փոխանցեց եւ ապա՝ երկինք համբարձաւ։
Երկինք համբարձաւ, ոչ թէ մարդէն հեռանալու, այլ՝ մարդը բարձրացնելու եւ Աստուծոյ մօտեցնելու։
Երկինք համբարձաւ, որպէսզի ցոյց տայ մարդուն այն ճամբան որ Ինք խոստացաւ․ «Կ’երթամ ձեզի տեղ պատրաստելու… որպէսզի ուր Ես եմ, դուք ալ այնտեղ ըլլաք»։
Եկէ՛ք Համբարձման տօնին առիթով մեր հայեացքները դէպի վեր՝ երկինք բարձրացնենք։
Թող Համբարձեալ Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրին պարգեւէ յոյս՝ յուսահատութեան մէջ, լոյս՝ խաւարին մէջ եւ խաղաղութիւն՝ կեանքի փոթորիկներու դիմաց։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի