
Կլոր արծաթեայ զանգակ մըն է, որուն մէջ մետաղեայ փոքր կտոր մը կայ, եւ երբ շարժի, իւրայատուկ ձայն մը կը հանէ։
Հին Ուխտի քահանայապետը իր զգեստաւորումին վրայ բոժոժներ կը կրէր։
Անապատին մէջ ճամբորդող ուղտեր իրենց վիզերէն կախուած բոժոժներ կ՚ունենային։
Ոչ շատ վաղ ժամանակներուն բոժոժը կը գործածուէր նաեւ որպէս ապարանջան՝ երեխաներու ձեռքերուն եւ ոտքերուն, որոնց ձայնը քաղցր տրամադրութիւն մը կը ստեղծէր ծնողաց եւ ընտանեկան յարկէն ներս։
Բոժոժը եկեղեցիէն ներս եւս գործածական իր մըն է, որ ագուցուած կ՚ըլլայ բուրվառի շղթաներուն եւ քշոցի շուրջբոլորը։

Իւրաքանչիւր բուրվառ կամ քշոց իր վրայ կ՚ունենայ 12 բոժոժներ, որոնք երգեցողութեան մասնաւոր կշռոյթ մը կու տան։
Բուրվառակիրը երբ կը խնկարկէ, խնկամանէն բարձրացող ծուխը ընդախառնուելով բոժոժներու կշռութաւոր ձայնին՝ հոգեթով մթնոլորտ մը կը ստեղծէ ինչ որ կ՚առինքնէ հաւատացեալը։ Իսկ Ս․ Պատարագի ընթացքին քշոցներուն մեղմ ձայնը հրեշտակներու ներկայութիւնն է որ կը յուշէ։
Համաձայն Տաթեւացի Եռամեծար Վարդապետին, եկեղեցիէն ներս բոժոժներու առկայութիւնը կը խորհրդանշէ առաքեալներու քարոզախօսութեան ձայնը, ըստ խօսքին թէ՝ «ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա» (Անոնց [առաքեալներուն] խօսքը ողջ երկրին մէջ տարածուեցաւ)։