Շարական Ապրիլեան Նահատակաց«Հրաշացան պակուցմամբ»Զարեհ Արք. ԱզնաւորեանԱրեւմտահայերէնի վերածում

  1. Երկնային բազմութիւնները ահ ու սարսափով զարմացան, եւ մեծ ապշութեամբ զարհուրեցան՝ տեսնելով հին Եդեմը, որ դարձած էր կայինական ախտին դժոխաբորբ կրակին հանդիսավայրը, եւ տեսնելով այս նոր Աբէլին նոր պատարագը, որուն արիւնը մշտապէս կը խօսի.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ պիտի չպահանջես մեր արեան վրէժը երկրի բնակիչներէն։

  1. Անոնք եղան Աստուծոյ Գառին հարազատ պատկերները. մորթուելու տարուեցան իբրեւ ոչխարներու հօտ, իբրեւ անմռունչ գառներ. կանգնեցան անասնական մղումով գազանացած դահիճներուն առջեւ, եւ իրենց բերանը չբացին՝ բողոքելու այդ ժանտ դահիճներուն դէմ.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ պիտի չպահանջես մեր արեան վրէժը երկրի բնակիչներէն։

  1. Դատաստանը վերցուեցաւ անոնց խոնարհութեան դէմ, եւ անոնց կեանքը վերցուեցաւ իրենց հայրերու երկրէն, թէեւ անոնք ոչ մէկ վնաս գործած էին, եւ ոչ ալ նենգութիւն գտնուած էր իրենց բերանին մէջ. այսպէս ալ նմանեցան Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի անիրաւաբար զոհուելուն.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ պիտի չպահանջես մեր արեան վրէժը երկրի բնակիչներէն։

  1. Անոնք աւելի լաւ համարեցին չարչարուիլ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ, քան կարճ ժամանակ մեղքի վայելքներուն մէջ ապրիլ. Քրիստոսի նախատինքը աւելի թանկագին համարեցին, քան անարգ ուրացութեամբ մեծութիւն ստանալ, որովհետեւ յոյսով նայելով՝ տեսան իրենց հատուցումը, որ պատրաստուած էր Թագաւորին մօտ.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ պիտի չպահանջես մեր արեան վրէժը երկրի բնակիչներէն։

  1. Անոնք աւելի նախընտրեցին իրենց մարմինները ընծայել՝ գարշելի եւ վայրենացած ոտքերու կոխան ըլլալու համար, քան խոզերու ոտքերուն տակ տեսնել Հայ անունին պայծառ մարգարիտ աւանդը, զոր Արարիչը տուած էր Արարատեան տան՝ իբրեւ բոլոր պարգեւներէն գերիվեր պարգեւ.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ պիտի չպահանջես մեր արեան վրէժը երկրի բնակիչներէն։

  1. Անոնք ընտրեցին շրթունքներու եւ լեզուներու կտրուիլը, քան զրկուիլ Հայկազեաններու հարազատ խօսքերէն. աւելի նախընտրեցին խօսելու միջոց չունենալ եւ անխօս բարբառով Աստուծոյ հետ խօսիլ, քան իրենց շրթունքներէն վանել Մեսրոպեան այբուբենը եւ խղճով աղբին մէջ իյնալ օտարէն մուրացուածին պատճառով.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ պիտի չպահանջես մեր արեան վրէժը երկրի բնակիչներէն։

  1. Անոնք իրենց անձերը դրին հայրենիքին, բնիկ օրէնքներուն, կարգերուն եւ աւանդութիւններուն համար. իրենց հաւատքի ադամանդեայ պարզամտութիւնը չփոխանակեցին այս անցաւոր կեանքի փափուկ վայելքներուն հետ. եւ ինչպէս ցորենի հատիկը բարի հողի մէջ իյնալով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ պիտի չպահանջես մեր արեան վրէժը երկրի բնակիչներէն։

  1. Քրիստոսի սիրոյն համար յօժարեցան յանձն առնել անդամներու յօշոտումը եւ մարմիններու այրումը. անոնց պատարագուած մարմիններուն ծուխն ու մահուան հոտը Աստուծոյ առջեւ կենաց բուրումի վերածուեցաւ, եւ ընդունուեցաւ իբրեւ Տիրոջ պատարագին փոխարէն՝ դրուած մեր եկեղեցիներու սեղանին վրայ.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, ո՞վ պիտի բաժնէ մեզ Քու սէրէդ, Դուն որ կ՚ըսես. «Ուր ես եմ, հոն պիտի ըլլան նաեւ իմ պաշտօնեաներս»։

  1. Հաւատքով յաղթեցին բռնակալ իշխաններուն, եւ դարձեալ հաւատքով փոխադրուեցան այս աշխարհէն. չվախցան բռնացած Գազանին ցասումէն, այլ արդարութիւն գործեցին եւ հասան խոստումներուն. ընդունեցին պսակն ու քաջութեան անունը՝ հաճելի դառնալով իրենց Արարիչին.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, ո՞վ պիտի բաժնէ մեզ Քու սէրէդ, Դուն որ կ՚ըսես. «Ուր ես եմ, հոն պիտի ըլլան նաեւ իմ պաշտօնեաներս»։

  1. Թօթափելով այս ախտաւոր կեանքին տաղտկութիւնը՝ չյապաղեցան այս կեանքէն դուրս ելլելու, այլ շուտով թեւ առին եւ սլացան դէպի երկինք՝ կամենալով հասնիլ հանգստեան օթեւանները, անախտական յարկերը եւ մեծ Տանուտիրոջ մօտ, որ կը հանգչեցնէ Իր սուրբերը.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, ո՞վ պիտի բաժնէ մեզ Քու սէրէդ, Դուն որ կ՚ըսես. «Ուր ես եմ, հոն պիտի ըլլան նաեւ իմ պաշտօնեաներս»։

  1. Մարմնաւոր եւ երկրային ծնունդներ ըլլալով՝ այժմ անմարմին ելան, վերստին ծնած. այս ստեղծուած աշխարհի տրտում արգանդէն ծնան իբրեւ անտրտում կեանքի զուարթ զաւակներ. եւ թէեւ բնութեամբ հողեղէն հաստատուած էին, սակայն հոգեւորանալով՝ հրեղէն դարձան.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, ազատէ՛ մեզ այս չար ժամանակէն եւ հաստատէ՛ մեզ առաքինութեան մէջ՝ անոնց օգնականութեամբ։

Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։

  1. Ապրիլեան նահատակներ, որոնք կոչուեցաք կեանքի ամսուան անունով, եւ որոնց թիւը կը համարուի շուրջ երկու միլիոն. նոր ժամանակներու պատուական վկաներ, որոնց նահատակութիւնը սկսաւ իր կատարումին հասնիլ ամսուան քսանչորսերորդ օրը, մեր Փրկչական թուականի հազար ինը հարիւր տասնհինգ թուին.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, ազատէ՛ մեզ այս չար ժամանակէն եւ հաստատէ՛ մեզ առաքինութեան մէջ՝ անոնց օգնականութեամբ։

Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

  1. Սուրբ վկաներ, որ հասաք Սիոն՝ սրբութեան լեռը, Աստուծոյ քաղաքը, վերին Երուսաղէմը, եւ երկնային հրեշտակներու բիւրաւոր բանակներուն, երկինքի մէջ գրուած բոլոր անդրանիկներու եկեղեցւոյն. բարեխօս եղէ՛ք մեզի համար, որ ձեր յիշատակը կը տօնենք, եւ համարձակութեամբ աղաչեցէ՛ք Աստուծոյ.

— Տէ՛ր սուրբ եւ ճշմարիտ, ազատէ՛ մեզ այս չար ժամանակէն եւ հաստատէ՛ մեզ առաքինութեան մէջ՝ անոնց օգնականութեամբ։