ԿՈՉ՝ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ

Ապրիլ ամիսը մեզ կը միաւորէ յիշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերանորոգելու մեր հաւաքական յանձնառութիւնը՝ շարունակելու արդարութեան պահանջը։

24 Ապրիլ 2026-ի պատգամին ընդառաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի առթիւ, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վարդապետը եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քահանան մասնակցեցան  հետեւեալ ձեռնարկներուն:

Չորեքշաբթի 22 Ապրիլ 2026-ին, Հ.Օ.Մ.-ի Ամենօրեայ վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտութեան կողմէ կազմակերպուած գեղարուեստական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան: Աւարտին, Գերպ. Հայր Սուրբը փակման խօսք եւ պահպանիչ աղօթքով փակումը կատարեց:

Հինգշաբթի 23 Ապրիլ 2026-ին, Հոգեւոր Հայրերը ներկայ գտնուեցան Գ.Ե.Մ.-ի վարչութեան  կողմէ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին, Մարգամի պուրակէն ներս: Հաւաքին ներկայ էին, Հոգեւոր Հայրեր, Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներ, Հայազգի եւ օտար երեսփոխաններ, Լիբանանի պատուոյ Հիւպատոս, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութեամբ հայորդիներ, որոնք եկած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի առթիւ իրենց յարգանքը մատուցելու  եւ ուխտը վերանորոգելու: Աւարտին, փակման խօսք եւ «Պսակիչ Սրբոց» աղօթք արտասանեց Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քահանան:

Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2026-ին, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. մասնակցեցաւ Հայ Կեդրոնի եւ Canadian Blood Services-ին կողմէ կազմակերպուած արեան տուուչութեան արշաւին, ուր Գերպ. Հայր Սուրբն ու Հայորդիներ արիւն նուիրեցին՝ կարիքաւորներու, ի յիշատակ անոնց, որոնք հաւատքի եւ հայրենիքի համար իրենց արիւնը զոհեցին։