ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Սուրբ Խորանին սպասարկեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը։

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «24 Ապրիլ 1915…արիւնոտ թուական մը, որ դրոշմուած է ոչ միայն պատմութեան էջերուն վրայ, այլ՝ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ։

Այս օրը՝ զայրոյթի օր է…ցասումի օր է…բայց մանաւանդ՝ ՉՄՈՌՆԱԼՈՒ օր է։ Չմոռնալ պատմութիւնը…մեր ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ամենասարսափելի ոճիրը՝ ցեղասպանութիւնը։

Դարձեալ ժամադրուած ենք հանդիպելու մեր սրբադասուած նահատակներուն հետ։ Մեր նահատակները միայն զոհեր չեն։ Անոնք՝ վկաներ են։ Այսօր անոնք՝ սուրբեր են։ Անոնք՝ Քրիստոսի խաչակիցներն են։

Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակին առիթով, կուգանք ըսելու որ, մենք չենք կանգնած միայն անցեալի յիշողութեան, այլ՝ ներկայի եւ ապագայի պատասխանատուութեան առջեւ։ Այսօր ես խոնարհաբար կը հանդիպիմ առաջին նահատակ հոգեւորականին՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Օտապաշեանին եւ յուզմունքով կը կրեմ անոր լանջախաչը։

Այսօր, մեր պայքարը բազմաբնոյթ է։

Պայքար՝ մեր լեզուին համար, որ մեր հոգիին ձայնն է։ Պայքար՝ մեր մշակոյթին համար, որ մեր ինքնութեան կնիքն է։ Պայքար՝ մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն համար, որոնք մեզ կը պահեն որպէս ազգ։ Եւ պայքար՝ մեր հայրենիքին, հողին եւ արժանապատուութեան համար, ոչ միայն այն ինչ որ ունինք այսօր, այլ նաեւ այն՝ ինչ որ մեր տեսլականն է՝ ազատ, անկախ եւ  ամբողջական հայաստան։

Ազգեր իրենց արդար իրաւունքներուն կը տիրանան այն ատեն, երբ իրենց կեանքը կը վերածեն յարատեւ, գիտակից եւ աննահանջ պայքարի։

Թող մեր նահատակներուն յիշատակը դառնայ ուժ՝ գոյապայքարը շարունակելու։ Եւ արդարութիւնը, որուն համար պայքարեցան անոնք, դառնայ մեր յաղթանակը։

Յիշողութիւն՝ այո։ Բայց նաեւ՝ յարատեւ պայքար, պայքար մինչեւ յաղթանակ։

Փա՜ռք մեր սրբադասուած նահատակներուն։

Յաւերժ փա՜ռք անմահ հայ ժողովուրդին»։

Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Ազգային Առաջնորդարանի կողքին գտնուող Նահատակաց Յուշարձան-Խաչքար, ուր Բարեկխօսական կարգ կատարուեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, որոնք իրենց արիւնը թափեցին յանուն իրենց հաւատքին ու հայրենիքին։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղին յուշարձանին դիմաց։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի