Մարդուն մոլորութիւնը.—Յայտնութիւն

1.    Արդեօք Ադամի պատիժը անոր որդիներուն համար զգուշացուցիչ եղա՞ւ։

Ո՛չ։ Ադամի անդրանիկ որդին՝ Կայէնը, նախանձէն մղուած սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը, եւ անոր սերունդներն ալ բազմաթիւ յանցանքներու մէջ ինկան։

2. Ի՞նչ ըրաւ Աստուած, երբ մարդկութիւնը շարունակեց անտեսել Իր զգուշացումը։

Աստուած, տեսնելով որ մարդիկ մարմնասիրութեան ու աշխարհասիրութեան ետեւէ երթալով՝ յանցանք յանցանքի վրայ կ’աւելցնէին եւ կը մոռնային իրենց Արարիչը, ջրհեղեղով կործանեց զանոնք՝ տապանին մէջ փրկելով միայն արդար Նոյը, անոր երեք որդիները՝ Սէմը, Քամը եւ Յաբեթը, եւ անոնց կիները։ (Ք. Ա. 2348)

3.    Ջրհեղեղէն ետք ո՞ւր բազմացան մարդիկ։

Նոյի տապանը Արարատ լերան կամ Մասիսի վրայ հանգչելէ ետք, Նոյ իր ընտանիքով դուրս եկաւ, եւ անոնք Հայաստանի մէջ բազմացան ու հետզհետէ տարածուեցան ամբողջ աշխարհին վրայ։

4. Արդեօք մարդիկ ջրհեղեղէն ետք հաւատարիմ մնացի՞ն Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ։

Ո՛չ։ Սուրբ Գիրքն ու պատմութիւնը կը սորվեցնեն, որ մարդիկ մէկը միւսին ետեւէ մոռցան Աստուած՝ իրենց Ստեղծիչը, եւ ինկան մեղքի ու կռապաշտութեան մէջ։

5.    Ի՞նչ է կռապաշտութիւնը։

Կռապաշտութիւն է՝ մէկ Աստուծոյ հաւատալու փոխարէն բազմաթիւ աստուածներու հաւատալ եւ պաշտել անոնց պատկերները, որոնք կը կոչուին կուռքեր։

6.    Ինչպէ՞ս սկսաւ բազմաստուածութիւնը։

Մարդը, շեղելով Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքէն, սկսաւ նախ արեւը, լուսինը, աստղերը եւ կրակը պաշտել՝ խորհելով թէ աստուածային զօրութիւնը անոնց մէջ կը բնակի։ Այդպիսին էին մեր հայ ազգին հեթանոս նախահայրերը։

7.    Ինչպէ՞ս մարդիկ սկսան կուռքեր պաշտել։

Մարդիկ, բռնակալներէ վախնալով, սկսան զանոնք պաշտել, իսկ անոնց մահէն ետք պաշտեցին նաեւ անոնց արձաններն ու պատկերները։ Մարդիկ այն աստիճան անզգայացան, որ աստուածային պատիւներ մատուցին նոյնիսկ ծառերու եւ բոյսերու։ Այդպիսին էին Եգիպտացիները։

8.    Արդեօք Աստուած արտօնե՞ց, որ մարդիկ այսպիսի ստորացած վիճակի մէջ մնան։

Ո՛չ։ Այլ որպէսզի առաջին մարդուն տրուած Փրկիչի խոստումին յիշատակը չկորսուի, Սէմի ցեղէն ընտրեց Աբրահամը՝ հաւատացեալներուն հայր ըլլալու համար։ (Ք. Ա. 1996)

9.    Ինչպէ՞ս փորձուեցաւ Աբրահամի հաւատքը։

Աբրահամ մեծ հաւատք ունէր եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն հանդէպ այնպիսի հաւատարիմ հնազանդ հոգի, որ պատրաստուեցաւ նոյնիսկ իր սիրելի որդին՝ Իսահակը, որպէս զոհ Աստուծոյ ընծայելու։ Բայց Աստուած չարտօնեց, որ Իսահակ սպաննուի, որովհետեւ ան նախատեսուած էր ըլլալու որպէս նախապատկեր Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդւոյն, որ պիտի ըլլար փրկութեան ճշմարիտ զոհը։

10.  Ի՞նչ նպատակով Աստուած ընտրեց Աբրահամը։

Աստուած ընտրեց Աբրահամն ու անոր սերունդները, որպէսզի սերունդէ սերունդ պահեն մէկ Աստուծոյ հաւատքը եւ գալիք Փրկիչին աւետիսը։

11.  Ուրիշ ի՞նչ միջոց գործածեց Աստուած նոյն նպատակին համար։

Որպէսզի յիշեալ ճշմարտութիւնները չկորսուին եւ չապականին, կամեցաւ զանոնք գրութեամբ յանձնել Իր ընտրեալ ժողովուրդին՝ Իսրայէլացիներուն կամ Եբրայեցիներուն, որոնք Աբրահամի զաւակներն էին։

12.  Որո՞ւ ձեռքով Աստուած պատճառ եղաւ, որ այս Յայտնութիւնը գրուի։

Օրէնսդիր եւ մարգարէ Մովսէսի ձեռքով, որուն Աստուած այս նպատակին համար Եգիպտոսի մէջ պատրաստեց եւ որուն միջոցաւ Իր ընտրեալ ժողովուրդը ազատեց Եգիպտական գերութենէն՝ հրաշքով առաջնորդելով զանոնք Կարմիր ծովէն։ (Ք. Ա. 1491)

13.  Ո՞ւր կը գտնուի Մովսէսի միջոցով տրուած աստուածային Յայտնութիւնը։

Ան կը պարունակուի առաջին մարգարէին՝ Մովսէսի գրած Հնգամատեանին մէջ, որ կը կազմէ Սուրբ Աստուածաշունչի առաջին գիրքերը։

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)