Շատ պատանիներու համար կեանքը երբեմն կրնայ շատ ծանր եւ շփոթեցուցիչ կ’ըլլայ։ Դպրոցը, ընկերները, շրջապատը եւ մեր ինքնութիւնը հասկնալու փորձը երբեմն մեզ կը ճնշեն։ Այս պատճառով է, որ եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի, մանաւանդ մեր տարիքին համար։ Ինծի համար եկեղեցին պարզապէս վայր մը չէ, ուր կ՚երթամ կիրակի օրը, այլ իսկապէս իմ երկրորդ տունս է։
Եկեղեցւոյ մէջ ես միշտ կը զգամ, թէ՝ ուր կը պատկանիմ. Ամէն տեղ չէ, որ այս զգացումը կ՚ունենամ, բայց եկեղեցին ուրիշ է։ Մարդիկ պարզապէս ծանօթ դէմքեր չեն, անոնք դարձած են իմ ընտանիքիս նման։ Անոնք կը հարցնեն թէ ինչպէս եմ, կը խօսին ինծի հետ եւ իսկապէս հոգ կը տանին։ Այս բոլորը ինծի շատ լաւ զգացումներ կու տան, եւ կը հասկնամ, թէ մինակ չեմ։

Ես նաեւ միշտ մասնակցութիւն կ’ունենամ եկեղեցւոյ գործունէութիւններուն։ Ես երգչախումբի անդամ եմ եւ կը մասնակցիմ կիրակնօրեայ դպրոցի դասընթացքներուն։ Շատ կը սիրեմ երգչախումբին մէջ երգել, որովհետեւ անիկա ինծի կու տայ ուրախութիւն եւ կը զգացնէ, թէ մաս կը կազմեմ գեղեցիկի եւ օգտակար բանի մը։ Կիրակնօրեայ դպրոցը կ՚օգնէ ինծի աւելի սորվիլ եւ աւելի մօտ զգալ իմ հաւատքիս։ Բացի ատկէ, ես կամաւոր կերպով մասնակցած եմ բազմաթիւ եկեղեցական գործունէութիւններու։ Ես միշտ պատրաստ եմ օգնելու, երբ եւ ուր ալ կարիք ըլլայ, որովհետեւ եկեղեցին ինծի համար ընտանիք է, եւ բնական է, որ ուզեմ օգտակար ըլլալ։
Եկեղեցին ինծի օգնած է նաեւ աւելի ուժեղ դառնալ։ Երբ դժուար պահեր կ՚ունենամ կամ շփոթած կը զգամ, եկեղեցի երթալը ինծի հանգստութիւն կու տայ։ Հոն կը խորհիմ, կը հանգստանամ եւ աւելի խաղաղ կը զգամ։ Կը սորվիմ ըլլալ աւելի բարի, աւելի համբերատար եւ աւելի գիտակից իմ արարքներուս մէջ։
Մեր օրերուն պատանի ըլլալը դիւրին չէ։ Շատ ճնշումներ կան դպրոցէն, ընկերներէն եւ մեր շրջապատէն։ Եկեղեցին այն վայրերէն մէկն է, ուր ես իսկապէս կրնամ հանգստանալ եւ ինքզինքս ըլլալ։ Անիկա ինծի կու տայ ուժ եւ կը յիշեցնէ, թէ ինչն է իսկապէս կարեւոր։
Վերջապէս, եկեղեցին պարզապէս շէնք մը չէ։ Անիկա վայր մըն է, ուր ես կը զգամ, թէ տունն եմ, ուր մարդիկը իմ ընտանիքիս նման են, եւ ուր ես կը մեծնամ ու կը դառնամ աւելի լաւ անձ մը։ Այդ պատճառով է, որ եկեղեցին այսքան կարեւոր է ինծի եւ շատ պատանիներու համար։
Անի Սուրէն Աստուրեան