Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքին, եւ հիւրընկալութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսչութեան եւ հոգաբարձութեան, Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2026-ին սկիզբ առաւ «Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութեան Դասընթացք»ը, Եկեղեցւոյս «Յովնանեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ 69 մասնակիցներու, որոնց մէկ մասը, Թորոնթոյէն եւ Վանգուվըրէն, միացած էր առցանց։ Դասընթացքի մեկնարկը տրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։
Նշենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան այս դասընթացքը սկիզբ առած էր 2024 թուականին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, Մոնթրէալ։
Սոյն դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ՝ ամէն ամսուան առաջին Չորեքշաբթի օրը, մինչեւ Յուլիս 2026։ Արձնագրութեան համար, գրել Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանին, Fr.Keghart@ArmenianPrelacy.ca ելեկրոնային հասցէին։


