ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին ի յիշատակ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը հանդիսաւորապէս մատուցեց՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։

Սրբազան Հօր կողքին սուրբ սեղանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ հոգեւորականները, սարկաւագներն ու դպիրները, իսկ պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը՝ խմբավարութեամբ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի։

Իր հայրական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ հրաւիրելով հաւատացեալները իրենց սրտերուն դռները բանալու Քրիստոսի առջեւ, որպէսզի Ան մտնէ, փոխէ եւ աստուածային սիրով լեցնէ մեր կեանքը։ Ան յատկապէս ընդգծեց, որ Ծաղկազարդը նաեւ մանուկներու տօնն է. այն մանուկներուն, որոնք իրենց ծնողներուն հետ եկած են թափօր կազմելու Տիրոջ համար։ Ուստի, կոչ ուղղեց բոլորին՝ նմանելու մանուկներուն՝ ըլլալու անկեղծ, անմեղ, սուրբ եւ բարի, եւ այդ հոգիով դիմաւորելու Տէրը՝ նորոգուած հաւատքով, ամրապնդուած սիրով եւ ներշնչուած հոգեւոր զօրութեամբ։

Պատարագի աւարտին կազմուեցաւ հանդիսաւոր թափօրը, ուր ներկայ բազմութիւնը, իրենց փոքրիկներով հանդերձ, մասնակցեցաւ իբրեւ խորհրդանիշ Երուսաղէմի մէջ Տիրոջ դիմաւորման թափօրին։ Որոշ մանուկներ խորհրդանշական կերպով նստեցան իշու վրայ՝ վերակենդանացնելով Աւետարանական դէպքը։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ մուտքին Սրբազան Հայրը օրհնեց մանուկները, իսկ կրտսերաց դպրաց դասի ծնողական յանձնախումբը շոքոլաներ բաժնեց ներկայ փոքրիկներուն։

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը տիրէր տօնական ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտ։ Բոլորը կը վայելէին «Նապաստակին» եւ «իշուկին» ներկայութիւնը, որոնք խորհրդանշական կերպով կը յիշեցնէին Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը։