ԱՂՕԹՔ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ

ԵՐԲ ՄԷԿԸ ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆՈՒԻ

Օրհնեա՜լ է քու անբաւ մարդասիրութիւնդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս։ Ինչո՞ւ կը լքես զիս. եթէ մեղքերուս համար է, Դո՛ւն միայն առանց մեղքի ես, եւ անունդ իսկ անոխակալութեան ու մարդասիրութեան ցուցանիշ է։

         Գթա՛ ինծի, որովհետեւ Դո՛ւն միայն մարդասէր ես։

         Փրկէ՛ զիս, որ մեղքերու մէջ ինկած եմ, որովհետեւ Դո՛ւն միայն մեղք չունիս։

         Վերցո՛ւր զիս անօրէնութեանս տիղմէն, որպէսզի յաւիտեան ընկղմած չմնամ հոն։

         Ազատէ՛ զիս թշնամիէս, որովհետեւ ան առիւծի նման կը մռնչէ, եւ կ՚ ուզէ զիս կլլել։

         Արդ, Տէ՛ր իմ, Քու շանթահարող փայլատակումովդ կործանէ՛ անոր զօրութիւնը. Թող վախնայ եւ խաւարին պէս չքնանայ Քու ներկայութենէդ, որովհետեւ ան տկար է եւ անզօր՝ դիմադրելու ո՛չ միայն Քեզի, այլ նաեւ ամէն անոնց՝ որոնք Քեզ կը Սիրեն։ Երբ խաչիդ նշանին զօրութիւնը կը տեսնէ՝ կը զարհուրի, եւ ամօթով կը հեռանայ բոլոր անոնցմէ՝ որոնք Քեզի կը դիմեն։

         Այժմ, Տէ՛ր, փրկէ՛ զիս եւ կեա՛նք տուր ինծի, որովհետեւ Քեզի՛ ապաւինեցայ։ Այս նեղութենէն դո՛ւրս բեր զիս, որպէսզի չըլլա՛յ թէ զիս յաւիտենական կորուստի մատնէ նենգաւորը, որ ծածուկ հնարքներով հետս կը մարտնչի։         Բարձրեա՜լ Աստուած, միայն Դո՛ւն անմեղ ես։ Դատաստանի օրը Քու առատ գթութի՛ւնդ շնորհէ մեղաւորիս, որպէսզի ծածուկ ամբարշտութիւններս չյայտնուին տեսնողներուն՝ հրեշտակներուն եւ հրեշտակապետներուն, մարգարէներուն եւ արդար սուրբերուն։ Զիս երանաւէտ դրախտէդ ներս ընդունէ՝ կատարեալ արդարներուն հետ։ Ընդունէ՛ մեղաւոր ծառայիդ աղօթքները՝ բարեխօսութեամբը սուրբերուն, որոնք Քեզի հաճելի եղան, ո՜վ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որ օրհնեալ ես Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։