Բարոյապէս եւ Հոգեպէս Աճիլ՝ Մեծ Պահքի Ընթացքին

Մեծ Պահքի ընթացքին մեզի առիթ եւ ժամանակ կը տրուի մեր անձը վերագտնելու եւ աւելի մօտենալու Աստուծոյ։ Այս շրջանը մեզ կը հրաւիրէ մտածելու մեր կեանքին եւ մեր հոգեւոր աճին մասին։ Երբ բարոյապէս եւ անձնապէս կ’աճինք, պէտք է մտիկ ընենք Քրիստոսի առակներուն, խորհուրդներուն եւ քարոզներուն։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն կեանքի կարեւոր արժէքները։ Այդ արժէքները պէտք է իւրացնենք եւ փորձենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ գործադրել, որպէսզի թէ՛ մեզի եւ թէ՛ ուրիշներուն օգտակար ըլլանք։

Կեանքի որոշումները ինչպէ՞ս ճիշդ պէտք է ընտրենք:

Մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ, ինչ գործի ալ ձեռնարկենք, միշտ որոշումի պահ մը կը ներկայանայ մեր առջեւ։ Այդ որոշումը կրնայ մեզի մօտեցնել Աստուծոյ եւ բարի ըլլայ Աստուծոյ գործին համար, կամ՝ մեզ հեռացնէ Աստուծմէ։ Այս պատճառով ալ մեր որոշումները միայն սովորական ընտրութիւններ չեն, այլ նաեւ հոգեւոր նշանակութիւն ունին։ Որոշում առնելը աւելի դժուար կը դառնայ, երբ մենք խնդիրներու կամ դժուար կացութիւններու մէջ ենք։ Այդ պահուն մարդը կրնայ ըլլալ ջղային, բարկացած կամ ուրիշ յուզումներու մէջ, եւ այդ զգացումները կրնան ազդել մեր մտածողութեան վրայ։ Երբ որոշումները այդ վիճակին մէջ կ’առնենք, վտանգ կայ որ սխալ ճանապարհ ընտրենք եւ հեռանանք Քրիստոսէն։ Այդպիսի պահերուն պէտք է պահ մը կանգ առնել, հանդարտիլ եւ մենք մեզի հարց տալ. «Այս կացութեան մէջ Քրիստոս ի՞նչ պիտի ընէր»։ Երբ մարդը այսկերպ կը մտածէ եւ կը փորձէ հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, ան աւելի դիւրութեամբ կրնայ ճիշդ որոշում առնել եւ իր կեանքը ուղղել դէպի Աստուած։

Ընտրութիւններն ու որոշումները ինչպէ՞ս կը ձեւաւորեն մեր բարոյական անձը:

Շատեր կը կարծեն որ բարոյական նկարագիրը կը ստեղծուի մեծ եւ կարեւոր որոշումներու պահուն։ Բայց այս կարծիքը սխալ է, որովհետեւ իրականութեան մէջ կը ստեղծուի մեր ամէնօրեայ կեանքի մանր որոշումներուն մէջ։ Օրինակ տալու համար. որո՞ւ հետ կը խօսինք եւ ինչպէ՞ս կը վարուինք անոր հետ կամ եթէ կ’որոշենք անկեղծ եւ ներողամիտ ըլլալ պզտիկ կացութիւններու մէջ։ Այսպէս, ժամանակի ընթացքին, իր մէջ նկարագիր եւ բնաւորութիւն մը կը սկսի յառաջանայ, որ կ’որոշէ թէ ինչպիսի անձ մը պիտի ըլլանք։ Ինչո՞ւ կարեւոր է այս մէկը՝ մեզի, երիտասարդներուս համար, որովհետեւ, երիտասարդները ամէն օր չափահասներէն աւելի շատ ու փոքր որոշումներ կ’առնեն։ Թէ ինչպիսի որոշումներ կ’առնեն ամէնօրեայ կացութիւններու եւ խնդիրներու, կ’օգնէ ստեղծել ամուր բարոյական հիմնարկ երիտասարդներուն ապագայի համար: Եթէ մարդը անտեսէ այս փոքր որոշումները եւ անոնց մէջ սխալ ուղին ընտրէ, այդ ալ կրնայ դառնալ սովորութիւն եւ աստիճանաբար հեռացնել զինք ճիշդ կեանքէն։ Այս պատճառով երիտասարդ տարիքին առնուած փոքր որոշումները մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան ապագային վրայ, որովհետեւ անոնք կը ձեւաւորեն ոչ միայն մարդու վարքը, այլ նաեւ իր հոգեւոր եւ բարոյական կեանքը։

Եզրափակելու համար, այսօրուան երիտասարդները պէտք է ճիշդ որոշումներ առնեն քալելու Քրիստոսի ճամբով, եւ նկատի առնեն թէ ո՞ր մանր ընտրութիւնը բարի է եւ բարիք պիտի բերէ եւ ապա, տեսնեն կարեւորութիւնը իրենց բարոյական եւ անհատական որոշումներուն, որպէսզի պատրաստ ըլլան իրենց ապագայ կեանքին։

Նիքըլըս Ֆրենտեան