ԾԻՍԱԿԱՆ ՕԳՏԱՇԱՏ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ

Սորվինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրար ողջունենք, երբ Սարկաւագը պատարագի ընթացքին յայտարարէ՝ «Ողջո՛յն տուք միմիանց»։

Երբ եկեղեցականէն պիտի առնենք ողջոյնը, անոր աջը կը համբուրենք, եւ երբ եկեղեցականը կ’ըսէ՝ «Ողջոյն տուք միմեանց, Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» կամ՝ «Քրիստոս է ի միջի մերում», մենք պէտք է պատասխանենք՝ «ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։

Ապա մենք ալ, մեր կարգին, կը մօտենանք մեր շուրջը գտնուող հաւատացեալ եղբօր կամ քրոջ, մեր աջ ձեռքը դրած մեր սրտին վրայ, հանդարտ մը կը խոնարհինք մեր դիմացինին նախ ձախ եւ ապա աջ ուսերուն, ցած ձայնով ըսելով՝ «ՔՐԻՍՏՈՍ Ի ՄԷՋ ՄԵՐ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ», իսկ ողջոյն ստացողը նոյն ձեւով կը պատասխանէ՝                                         «ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ», եւ ապա ինք իր կարգին՝ ողջոյնը կողքի կեցողին կը փոխանցէ։

Ս. Պատարագի աւարտին «Մաս» կը բաժնուի։

Գիտէ՞ք ինչ իմաստ ունի ատիկա։ Սորվինք։

Ս. Պատարագի աւարտին կը բաժնուի բարակ հաց, որ պատրաստուած կ’ըլլայ ջուրն ու ալիւրը իրարու շաղախելով։

Հայերէնի մէջ «Մաս» կը նշանակէ բաժին։

«Մաս»ը մնացորդն է քրիստոնէական առաջին շրջանին կատարուող Ակաբէին՝ սիրոյ սեղանին, զոր հաւատացեալներ միասին կը ճաշակէին Ս. Պատարագէն ետքը։

Ինչպէ՞ս պէտք է առնենք «Մաս»ը։

«Մաս»ը կ’առնենք աջ ձեռքի ափին հակառակ կողմին վրայ դնելով, ապա կը համբուրենք ու մեր ճակտին կը տանինք, որմէ ետք երկիւղածութեամբ կը ճաշակենք։

«Մաս» տուողը պէտք է ըսէ. «Սա եղիցի քեզ մաս եւ բաժին Սրբոյ Պատարագիս»: (Ասիկա քեզի մաս եւ բաժին ըլլայ Ս. Պատարագէն), իսկ ստացող անձը պէտք է ըսէ. «Բաժին իմ Աստուած յաւիտեան» (Աստուած է միշտ իմ բաժինս), կամ «Բաժին իմ  ի Տէր եղիցի» (Տէրն է իմ բաժինս), կամ պարզապէս՝ «Օրհնեալ է Աստուած»։

Ս. Պատարագի աւարտին, երբ մօտենանք քահանային բռնած Աւետարանը համբուրելու, ի՞նչ պէտք է ըսենք։

Եկէք գո՛ց սորվինք եւ Կիրակի օր, Ս. Պատարագի աւարտին, Աւետարանը համբուրած ատեն, լսելի ձայնով ըսենք տէր հօր. «Յիշեսցէ Տէր զպատարագս քո, եւ զուխտս քո ընդունելի արասցէ» (Տէրը քու մատուցած պատարագդ յիշէ եւ քու ուխտդ ընդունի)։ Իսկ պատարագիչ քահանան մեզի պիտի պատասխանէ. «Տացէ քեզ Տէր ըստ սրտի քում եւ զամենայն խնդրուածս սրտից նա կատարեսցէ» (Սաղմոս 19.4-5) (Տէրը քու սրտիդ համաձայն հատուցանէ քեզի, եւ քու սրտիդ բոլոր խնդրանքները Ան կատարէ)։

Իսկ եթէ կը դժուարանանք այս մէկը գոց սորվիլ, պարզապէս ըսենք՝ «Մեղայ Աստուծոյ», որուն դիմաց քահանան պիտի պատասխանէ՝ «Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ                                         (Աստուած մեղքերուդ ներում թող շնորհէ)։

Է .Շարունակելի: