ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի 2 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ՝ Պարոն Արմէն Ռուստամեանը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչին կ՚ընկերակցէին՝ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Պարոն Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Օրիորդ Նորա Արուշեան։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Պարոն Յակոբ Պուլկարեան, Պարոն Թորոս Պապիկեան եւ Պարոն Զաւէն Չոքաքլեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչին, որ մասնաւորաբար Հայաստանէն Գանատա ժամանած էր, որպէս պատգամաբեր Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 135-ամեակի ձեռնարկներուն։

Պարոն Ռուստամեան իր կարգին ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեան անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր աշխատանքներուն։

Հանդիպման ընթացքին առիթ եղաւ խօսելու Հայաստանի ներկայ կացութեան, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ տարուած յարձակողական քաղաքականութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կատարած ու կատարելիք աշխատանքներուն մասին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ