
Շաբաթ, 28 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ անդամական 73-րդ ժողովը կայացաւ, օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի եւ նախագահութեամբ Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի:

Ժողովը բացուեցաւ Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչին աղօթքով եւ խօսքով։ Ժամանակաւոր դիւանի ընտրութենէն եւ ժողովի վաւերականութիւնը հաստատելէ ետք, մնայուն դիւան ընտրուեցան Բրշ. Ռազմիկ Սրկ. Պէպէճեան՝ ատենապետ եւ Տիկ. Աննա Տէր Յակոբեան՝ ատենադպիր։ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիար Յարութիւն Գասապեան փոխանցելէ ետք Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսքը, հաստատուեցաւ օրակարգը եւ ժողովը իր ընթացքը առաւ։

Եկեղեցւոյ անդամական ժողովը լսելէ ետք նիւթաբարոյական տեղեկագրերը, բարձր գնահատեց կատարուած հոգեւոր եւ վարչական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ արարողական, քարոզախօսական, «Եկեղեցի» եւ «Հովիւի Ձայն» շաբաթական պարբերաթերթի հրատարակութիւնը, կիրակնօրեայ դպրոցի «Նորածիլ Հաւատք» երկամսեայ թերթի հրատարակութիւնը, «Ամառնային Սուրբ Գիրքի» ճամբարի իրագործումը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան «Յիսուսի Փոքրիկներ» ծրագիրը, Սարկաւագաց դասի անխտիր ծառայութիւնը, «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասերու Սուրբ Պատարագի եւ այլ առիթներու կատարած ելոյթները եւ ընդհանրապէս բոլոր կամաւորներու կատարած ծառայութիւնները:

Ժողովը գնահատեց նաեւ Հոգաբարձութեան գործունէութիւնը, անոր շինարարական նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ՝ եկեղեցւոյ երդիքի եւ ջերուցուման շարժակի, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան անսակարկ եւ աշխոյժ գործունէութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ:
Ժողովի աւարտին, ընտրուեցան Երեսփոխանական եւ Հոգաբարձական կազմերու լրացուցիչ անդամները եւ ստացան հետեւեալ պատկերը.-

Հոգաբարձական կազմին անդամներ՝ Բրշ․Կարօ Սրկ. Սարգիսեան (ատենապետ), Տիկ. Սիլվանա Պապիկեան (փոխ-ատենապետ), Տիկ․ Աննա Տէր Յակոբեան (Ատենադպրուհի), Բրշ․ Արթիւր Սրկ. Սէրգիս (հաշուապահ), Տիար Արմենակ Գալուստեան (գանձապահ), Տոթք. Գրիգոր Սրկ. Պէպէճեան, Բրշ․ Սարգիս Սրկ. Կիտանեան, Տարօն Կիս. Սրկ. Տէրտէրեան եւ Նշան Կիս․ Սրկ․ Փափազեան։ Իսկ երեսփոխանները՝ Տիար Գրիգոր Շիթիլեան, Տիար Յարութ Մաթոսեան, Տիկ․ Հուրի Նաճարեան, Տիկ․ Թամար Օհաննէսեան, Տիկ․ Թալին Արթինեան-Քըլըպոզեան, Տոթք. Ռազմիկ Սրկ. Պէպէճեան, Տոթք. Գրիգոր Սրկ. Պէպէճեան, Բրշ․ Սարգիս Սրկ. Կիտանեան եւ Տիկ․ Սոնա Սարգիսեան:

Աւարտին, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Տաթեւ Աւ․ Քհնյ․ Միքայէլեան իր գնահատանքը յայտնեց ժողովի դիւանին, ինչպէս նաեւ հաշուեքննիչ, արխիւային, ընտրողական եւ բանաձեւի յանձնախումբերուն, շնորհաւորեց եւ յաջողութիւնը մաղթեց նորընտիր կազմերուն եւ ժողովը փակեց «պահպանիչ»ով։





