ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան կազմակերպութեամբ եւ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի առաջնորդութեամբ, տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի շուրջ ամսական զրոյցն ու սերտողութիւնը։

Սոյն հանդիպման նիւթը եղաւ Մարկոսի Աւետարանի 6-րդ գլուխը։ Սերտողութեան ընթացքին, ներկաները տեսան, թէ հաւատքը ապահով եւ հանգիստ ճանապարհ չէ։ Հաւատքը վստահիլն է՝ երբ ամէն ինչ յստակ չէ, յանձնուիլ է Աստուծոյ, եւ չվախնալ է փոթորիկներուն մէջ, որովհետեւ Ան կը մօտենայ եւ կ’ըսէ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք»։

Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն իրենց մասնակցութեան եւ կենդանի քննարկման համար։ Թող Տիրոջ Խօսքը շարունակէ զօրացնել մեր հաւատքը։Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 19 Մատին: