ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը նշուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն ներս, Ուրբաթ 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան։ Սուրբ գրային ընթերցանութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեզմայլ աւանդական Անդաստանի արարողութիւնը, որուն աւարտին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան տուաւ օրուան խորհուրդին պատգամը: Պատգամի աւարտին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ.՝ Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի ձեռամբ, Սուրբ Խորանին լոյսը բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն, որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի լոյսը, իբրեւ օրհնութիւն, միշտ վառ մնայ անոնց կեանքին եւ տուներուն մէջ: Ապա, ծնողներ իրենց զաւակները Սուրբ Խորան բերելով, Աստուածամօր օրինակով, իրենց զաւակները ընծայեցին Աստուծոյ։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, հակառակ տեղացող ձիւնին, Հոգեւոր Հայրեր, Սարկաւագներ, դպիրներ եւ հաւատացեալներ, թափօրով, ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկ։ Խարոյկին շուրջ եկեղեցւոյ «Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասի ծնողական յանձնախուբի անդամներ հիւրասիրութեամբ մը պատուեցին հաւատացեալները: