Վարդանանց հաւատամարտը մեր ազգային միասնութեան, մարդու արժանապատուութեան ու խղճի ազատութեան համար ամէնանուիրական մարտն է, պայքարն է մղուած։
Վարդանանք որպէս ապստամբ հերոսներ մեռան, նահատակուեցան, բայց ապրեցուցին մեր ազգը։ Իրենց արեան հեղումով եւ կեանքով իսկ վկայեցին այն խօսքը, որ Եղիշէ պատմիչ կը յիշեցնէ մեզի, թէ
«Իմացեալ մահը՝ անմահութիւն է»։
Թող քաջայաղթ զօրավարներն ու մարտիրոսները բարեխօսեն հայ ազգին համար եւ իւրքանչիւրիս, որպէսզի Աստուած մեր մտքերը լուսաւորէ, սիրտերը իր սիրով ջերմացնէ եւ բարեբեր օրեր պարգեւէ։
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ