ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ 2026

(Շար. 4 եւ վերջ)

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 

Ընդհանուր ակնարկով պարզելէ յետոյ հոգեւոր կեանքին յատկանշական երեսները, այժմ դարձեալ ամփոփ գծերով կ’ուզենք կատարել հետեւեալ հայրական թելադրութիւնները, թէ ինչպէս կարելի է հոգեւոր կեանք ապրիլ, հոգեւոր կեանքին մէջ աճիլ՝ մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով հարստացնելով ու իմաստաւորելով.– 

1) Առաջին հերթին, Աստուածաշունչը անանջատելի մասը պէտք է կազմէ մեր կեանքին: Աստուածաշունչը սովորական գիրք չէ, ինչպէս ըսինք: Քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնները, սկզբունքները եւ արժէքները յստակօրէն պարզուած են հոն: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ծանօթութիւնը էական է. անոր առօրեայ ընթերցումը պէտք է դառնայ մեր կեանքի բնական մասը: Սակայն, ընթերցումէն ու ծանօթութենէն անդին՝ հրամայական է ապրիլ Աստուածաշունչի պատգամը, զայն դարձնելով ուղեցոյցը մեր մտածումներուն, գործերուն ու ապրելակերպին:  

2) Աստուածաշունչին առընթեր, հոգեւոր գրականութեան ընթերցումը եւ Աստուածաշունչին առնչուած մեկնաբանութիւններուն իրազեկ դառնալը կը նկատենք անհրաժեշտ, պայմանաւ որ անոնք պարագայական հրատարակութիւններ չըլլան, այլ պատրաստուած ըլլան գիտակ հեղինակներու կողմէ եւ ունենան եկեղեցւոյ հեղինակութեան համաձայնութիւնը:  

3) Թեմերուն կողմէ հոգեւոր նիւթերու շուրջ  դասախօսութիւններու ու սեմինարներու կազմակերպումը եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետեւողական մասնակցութիւնը կարեւոր են, որպէսզի հոգեւոր արժէքներու ծանօթութիւնը դառնայ աւելի ամբողջական ու վաւերական:  

4) Սուրբ եւ անմահ պատարագի եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններու ու խորհուրդներու իմաստին ու նպատակին պարզաբանումը ու ժողովուրդին փոխանցումը դարձեալ հրամայական է, որպէսզի հաւատացեալները կարենան մօտէն հաղորդ դառնալ մեր ծիսական կեանքին մէջ պարզուած ճշմարտութիւններուն, ուսուցումներուն, սկզբունքներուն եւ արժէքներուն:  

5) Եկեղեցւոյ սուրբերուն տօնախմբութիւնը եւ աւանդութիւններու վերակենսաւորումը, եւ այդ ծիրէն ներս ծոմապահութեան վերաշեշտումը ազդու միջոցներ են մեր հաւատացեալներուն համար՝ հոգեւոր արժէքներով սնուցանելու իրենց կեանքը: 

6) Նիկիական հանգանակի – ուր պարզուած են եկեղեցւոյ դաւանանքին հիմնական սկզբունքները – ճշգրիտ ծանօթացումը, ինչպէս նաեւ Զղջումի – ուր նկարագրուած են մարդկային մեղքերը եւ անոնցմէ Քրիստոնեայ մարդուն հրաժարումը – յաճախակի ընթերցումը առ ի յիշեցում, կը նկատենք էական: 

7) Թելադրելի է, որ մեր հաւատացեալները ժողովուրդին մատչելի ժամագիրքերու – ուր կարելի է գտնել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ Աւագ Շաբթուան, ժամերգութիւններու ու խորհուրդներու բարեփոխուած եւ արեւմտահայերէնի թարգմանուած բնագրերը – ճամբով մօտէն հետեւին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն: 

8) Ծխային եկեղեցիներու կողմէ կատարուող մարդասիրական ու հովուական ծառայութիւններու վերակազմակերպումը եւ եկեղեցի– ժողովուրդ յարաբերութեան սերտացումը ու ծաւալումը՝ կենսական գործօններ են հայ կեանքէն ներս հոգեւոր արժէքներու առաւել արմատացման:  

9) Մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն գործունէութեան քաջալերանքը, եւ անհրաժեշտութեան պարագային նման շարժումներ ստեղծելը կը նկատենք կարեւոր: 

10) Սուրբ եւ անմահ պատարագին իմաստը ու նպատակը հաղորդութիւնն է Քրիստոսի մարմնին ու արեան: Մեծապէս գնահատելի է ամէն Կիրակի հաւատացեալներու հաղորդութիւն առնելու հետզհետէ աճող երեւոյթը: Հարկ է որ շարունակուի մեր հոգեւոր կեանքը սնուցանող այս ընթացքը: 

11) Բարեսիրական աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայութեան լծուած կեդրոններու, ինչպէս նաեւ կարիքաւորներուն մատուցուած օժանդակութիւնը հոգեւոր կեանքի հարազատ արտայայտութիւններէն մէկն է: 

12) Մեծապէս թելադրելի է, որ մեր ծխային եկեղեցիները բաց մնան հաւատացեալներուն առջեւ, որպէսզի անոնք կարենան որեւէ ժամանակ այցելել Աստուծոյ տունը եւ առանձնական աղօթքի ճամբով ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ: 

Տակաւին կարելի է մատնանշել այլ երեւոյթներ ու քայլեր, որոնք կրնան աւելի ամրապնդել հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը:  

Սիրելի՛ հայորդիներ, ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը մեր նախասիրած միջոցներու շեշտաւորումով, սակայն առանց հեռու մնալու մեր եկեղեցիէն, աստուածաշունչի ուսուցումներէն, մեր եկեղեցւոյ դաւանանքէն, ուսուցումներէն, աւանդութիւններէն եւ առաքելութենէն: Ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը հեռու մնալով ցուցական երեւոյթներէ եւ որպէս սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն ծառայելով ու օգնութեան ձեռք երկարելով մեր ազգի ու հայրենիքի կարիքներուն: 

Մեր սպասումն է, որ մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններու, Կրօնական Ժողովներու ու հոգեւորականներու ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքով, մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը աւելի աճի ու ծաղկի՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան ու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման:     

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար, 2026 

Անթիլիաս, Լիբանան