Ուրբաթ, 23 Յունուար 2026-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տեսուչ՝ Գերապատիւ Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ Հայ Եւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան այցելեցին Քանատայի Աստուածաշնչական Ընկերութիւն, ծանօթանալու Ընկերութեան գործունէութեան, ներկայութեամբ անոր նախագահին եւ ներկայացուցիչներուն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան ուղիները եւ աւելի արդիւնաւէտ կերպով գործակցելու կարելիութիւնները: Ապա, անոնք այցելեցին Աստուածաշունչի Գիրքի Թանգարանը եւ հսկայ պահեստանոցը:
