ԼԱՊՏԵՐ

Լապտերը եկեղեցական թափօրները ճոխացնող, մասնաւոր փայտէ ձողունի մը վրայ ամրացուած, ապակիէ փեղկերով այն տուփն է, որուն մէջ վառող մոմը յատկապէս բացօթեայ թափօրներուն՝ զերծ կը մնայ մարելէ:

Ինչպէս կեռոնները զոյգ կը գործածուին, նմանապէս լապտերները զոյգ դպիրներու կողմէ բարձրացուած կը հետեւին թափօրի մեծ խաչին՝ խաչվառին:

Հակառակ որ տօնացոյցին մէջ յաճախ կը յիշատակուի լապտերներու գործածութիւնը, սակայն մեր եկեղեցւոյ մէջ չէ ընդհանրացած այդքան: Միայն պաշտօնական թափօրներուն կը տեսնենք զայն:

Յոյն եւ Լատին Եկեղեցիները կեռոններու փոխարէն լապտերներ կը գործածեն:Վերջին տասնամեակներուն Տեառնընդառաջի նախատօնակի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան ճրագալոյցներուն, հաւատացեալներու կողմէ փոքր լապտերներ սկսան գործածուիլ, եկեղեցւոյ կանթեղէն առնուած լոյսը, առանց մարելու ապահով տուն հասցնելու համար: