Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 6-ին, առաջաւորաց պահեցողութեան եւ Սուրբ Սարգիսի եռօրեայ ծոմապահութեան աւարտին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ խաչահանգիստ (ջրօրհնէք) եւ Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարում կատարուեցաւ։
Յաւարտ արարողութեան, ուխտաւորները իրենց պահեցողութիւնը բացին եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած նախաճաշի հիւրասիրութեամբ։

