Չորեքշաբթի, 21 Յունուար 2026-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ այս տարուան առաջին երիտասարդական հաւաքը եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը։
Սերտողութիւնը վարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, որ ներկայացուց Մարկոս Աւետարանի 5-րդ գլուխը, որուն ընթացքին ներկաները նիւթիւն շուրջ զրուցեցին, իրենց կարծիքները փոխանակեցին, եւ հարցումները բաձրացուցին։


