2026 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԸՆԹԵՐՑՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

֎ Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2026 տարին, հայրապետական յատուկ հռչակագիրով, յայտարարեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»։

֎ Ամէն տարի, Սուրբ Ծննդեան յաջորդող կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին, կ’ընթերցուի հայրապետական հռչակագիրը։

֎ Առ այդ, Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ, ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց հայրապետական հռչակագիրը։

֎ Մանրամասն կարդալ հետեւեալ հասցէակապով.-

https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/77123