ԱՅՍՕՐ՝ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻՆ Է

Նոր մարդ դառնալը աւելի մեծ տօն է, քան՝ «Նոր Տարին» դիմաւորելը, որ կը դիմաւորենք ամէն  տարի դարձեալ հին մեղքերով։ 

Նոր մարդ դառնալու համար, ջանալու ենք մեղաւոր ընթացքէն դառնալ դէպի նոր՝ վերստին ծնունդ։ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ կ’ըսէ. «Նորոգող հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս, նորոգ զարդարեա՛լ»:

Նոր Տարին սովորական տօնակատարութենէն դուրս պէտք է բերել, քանի որ դժբախտաբար ան կը ծառայէ մարմնական ուրախութեան, հաճոյքի եւ հեշտանքի:                                 Որովհետեւ մարդ արարած կը սիրէ արհեստական եւ ժամանակաւոր ուրախութիւն: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Յհ 15.11): Աւետարանը կը յիշեցնէ մեզի, որ կայ մեծ տօն մը, որ միայն երկնքի մէջ կը տօնուի: «Երկնքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներուն համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին» (Ղկ 15.7):

Ո՞րն է մեծագոյն տօնը. գիտե՞նք։

Այդ, մեղքերէ ազատագրուելու տօնն է՝ մէկ մեղաւորի դարձի գալով եւ ապաշխարհելով:

Մեղաւորի մը դարձի գալու, մեղքերէ ազատագրուելու օրը աւելի մեծ տօն է, քան  սովորական նոր տարի տօնելը: 

Իսկ եթէ այնպէս մը պատահի, որ տարուան ընթացքին յաճախ մեղքերէ ազատագրուինք, ապա  ամբողջ տարին տօն կ’ըլլայ, թէ՛ երկրի վրայ, եւ թէ՛ երկնքի մէջ: 

Եկող տարին մեղքերէ ազատուելու տօներով առատ տարի ըլլայ բոլորիս համար: 

Մենք մեր մեղքերէն ազատագրուելու համար այդքան ալ ջանք չենք գործադրեր, որքան որ տարեմուտի պատրաստուելու․

Մենք չենք մտածեր մեղքերէ ազատագրուելու մասին, թէկուզ  ամէնափոքրէն իսկ, բայց միշտ կը փափաքինք որ մեր շուրջը ամէն ինչ լաւ  ըլլայ։ 

 Մեր կեանքի բոլոր դժուարութիւնները  մենք ենք որ կը ստեղծե՛նք, եւ հետեւանքները

 մե՛նք կը կրենք, եւ օր մը պատասխան եւ հաշիւ պիտի տանք։ 

Հաճելի չէ լսել, հաւանաբար դատաստանի եւ հաշուետուութեան մասին, բայց իրականութիւնը այս է։

Բարի նոր տարի բոլորիս։ Իւրաքանչիւր տարին երբ աւարտի առանց մեղքի, յաջորդ տարին  կը սկսի նորանոր խնդիրներով  եւ լուծումներով։  

Տարեթիւի փոփոխութիւնը էական չէ, կարեւորը մարդու փոփոխութիւնն է Աստուծմով։

Ճիշդ այս պատճառով է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս 2026 տարին կը հռչակէ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»:

Աստուծոյ համար բոլոր թուականները նոյնն են, բայց մարդոց գաղջ կեանքը միեւնոյնը չէ Աստուծոյ համար։

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան