
Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագով հանդիսաւորապէս նշուեցաւ առաջին սարկաւագին եւ նահատակին՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը։
Պատարագը մատուցանեց եւ տօնին առիթով պատգամ փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Ուսումնագիտական Բաժնի Պատասխանատու՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Գիւսպէկեան։
Քարոզէն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը բարձրացան սուրբ խորան, ուր կատարուեցաւ սարկաւագաց օրհնութեան կարգը։ Այնուհետեւ, պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Ստեփանոսի անսասան հաւատքին եւ նուիրումին՝ շեշտելով հաւատքը կեանքով վկայելու անհրաժեշտութեան մասին։
Սուրբ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերուն ու Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ եւ Տիկնանց Միութեան ջանքերով Սարկաւագները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։







