
Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2025-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագրի տարուայ վերջին հաւաքը։
Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Տիկին Հուրինա Պէրպէրեանին շուրջ համախմբուած, փոքրիկները խանդավառութեամբ լսեցին Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան սքանչելի պատմութիւնը։

Ձեռնարկի աւարտին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, իր հայրական խօսքով ողջունեց ներկայ ծնողներն ու անոնց զաւակները։ Ան յիշեցուց Տէր Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումը, ըստ որուն Աստուծոյ Արքայութիւնը կը նմանցուի հատիկի մը, որ կը ծլի եւ կը մեծնայ ոչ թէ մարդկային ճիգերով, այլ Աստուծոյ կամքով ու շնորհքով։ Այնուհետեւ ան իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին՝ գալիք Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով։
Աւարտին, Կաղանդ Պապան իր ներկայութեամբ մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեց փոքրիկներուն մէջ։ Երգերով, պարերով, նուէրներով եւ հիւրասիրութեամբ, ձեռնարկը ջերմ ու ուրախ մթնոլորտի մէջ հասաւ իր գեղեցիկ աւարտին։









