Հինգշաբթի 11 եւ Երեքշաբթի 23 Դեկտ. 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Զարեհ Ազնաւորեան եւ Մեղրիկ Բարիքեան կրտսերաց դպրաց դասերու անդամները, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւորականներուն, Նոր Տարուայ առթիւ հիւրընկալուեցան «Լարա» ճաշարանի Lara’s Restaurant սեփականատէր Տէր եւ Տիկ. Տիգրան-Անի Թորոսեաններու եւ Տիկ. Լենա Ատուրեանի կողմէ։
Երեկոյին ներկայ էին եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան եւ Հոգաբարձուներ՝ Սիլվանա Պապիկեան, Գարոլ Խանամիրեան եւ Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեան:
Ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ խաղերով եւ երգերով դիմաւորեցին «Կաղանդ Պապուկը» որ յատուկէն բոլորին նուէրներ բաժնեց, ապա լսեցին Գերպտ. Հայր Սուրբին սրտի խօսքը, աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեցին աւանդութիւն դարձած մտերմիկ հրաւէրին, որ ամէն տարի ԼԱՐԱ ճաշարանի տնօրէնութիւնը կը կատարէ, որպէս գնահատանք եկեղեցւոյ ծառայողներուն:









