«Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան դասընթացք»

Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքը կու գայ ուրախութեամբ յայտնելու, թէ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի բարձր տնօրինումով, Թորոնթոյի Tyndale աստուածաբանական համալսարանէն ներս հաստատուած է «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան դասընթացք», որ կը սկսի Յունուար 2026-ին։ Այս ծրագիրը կը վայելէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնը։    

Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան անգլերէն լեզուով, հայերէն թարգմանութեամբ եւ նախապէս արձանագրուած եւ տեղադրուած համալսարանի կայքէջին վրայ (web-based asynchronous – Էյսինքրոնըս), որպէսզի յարմարութիւն ընձեռուի աշխարհի բոլոր ծայրամասերէն աշակերտներու ներգրաւման եւ մասնակցութեան, առանց ժամի եւ հեռաւորութեան անպատեհութիւններուն։ 

Դասախօսներն են՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը, իրեն օգնական ունենալով՝ Տարօն Սրկ. Հալաճեանը, որ շրջանաւարտ է նոյն համալսարանէն։ Պիտի հրաւիրուին նաեւ Ամերիկեան զանազան համալսարաններու մէջ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող մասնագէտ հիւր դասախօսներ։ 

  Հետեւաբար, կը քաջալերենք մեր երիտասարդները, որպէսզի ձմեռնային իրենց կիսամեակին համար (winter semester) նկատի ունենան՝ արձանագրուիլ այս դասընթացքին, որպէս credit course (նիշ ստացող) եւ կամ՝ որպէս Audit course (ազատ ունկնդիր)։ 

Անոնք որոնք հետաքրքրուած են, մանրամասնութիւններու համար կրնան դիմել Ազգային Առաջնորդարան եւ կամ Հայր Գեղարդին։ Որոշ տեղեկութիւններ կրնաք ստանալ Առաջնորդարանի եւ մեր եկեղեցւոյ Դիմատետրի էջերէն։