ՏԱՐՈՒԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆ ՈՒ Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2025-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ այս տարուան վերջին երիտասարդական հաւաքը եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը։

Սերտողութիւնը վարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, որ ներկայացուց Մարկոս Աւետարանի 4-րդ գլուխը։ Սերտողութեան աւարտին հայր սուրբ սիրով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, եւ հետաքրքրական ու կառուցողական մտքերու փոխանակումով ուսուցողական բաժինը իր աւարտին հասաւ։

Սերտողութենէն ետք, երիտասարդները համախմբուեցան ջերմ ու եղբայրական ընկերային մթնոլորտի մէջ՝ վայելելու համատեղ սիրոյ ճաշը։ Երեկոն շարունակուեցաւ հաճելի խաղերով, խորհրդանշական նուէրներով եւ տարուան վերջին բարեմաղթանքներով՝ ամփոփելով հանդիպումը ուրախութեամբ։