13 – ԿԱՆԹԵՂ
Անցեալին, եկեղեցիներէն ներս կանթեղներու գործածութիւնը շատ աւելի ընդհանրացած էր, որովհետեւ անոնք, մոմերուն հետ, եկեղեցին լուսաւորող գլխաւոր միջոցներն էին:
Ապակիէ կամ յախճապակիէ՝ կէս գաւաթի խորութեամբ փոքր անօթ մըն կանթեղը, որուն մէջ պատրոյգը ձէթին կամ քարիւղին վրայ ծփալով կը վառէր, տմոյն լոյս մը տարածելով իր շուրջը:
Ապակիէ այս անօթը զետեղուած կ’ըլլար բուրվառանման արծաթեայ պարունակի մը մէջ, որ երեք շղթաներով կը կախուէր առաստաղէն կամ կամարի վերնամասէն:
Պարանին վրայ փոքր ճախարակ մը կ’ըլլար եւ հաւասարակշռութիւնը պահող յախճապակիէ գունտ մը, որուն մէջ կապարի փոքր գնդիկներ լեցուած կ’ըլլային, դիւրացնելու համար կանթեղը վար քաշելու, նոր ձէթ լեցնելու, պատրոյգը փոխելու եւ վերստին վեր բարձրացնելու աշխատանքը:
Ներկայիս կանթեղներու գործածութիւնը նուազած է, հիմնականօրէն մէկ կանթեղ կը տեսնենք Ս. Սեղանին վրայ կախուած, որպէս Մշտավառ Կանթեղ:
Կանթեղներ՝ հաւատացեալներու պաշտամունքին արժանացած սրբանկարներուն վերեւ, ուր հաւատացեալներ մոմ վարելով իրենց ուխտը կը կատարեն եւ սրտազեղ աղերսանքներով կ’աղօթեն:Այսօր ընդհանրացած երեւոյթ է, արծաթեայ կանթեղներուն մէջ փոխան ձէթի եւ պատրոյգի՝ ելեքտրական լամբարներ կը վառին: