Գ. Եկեղեցին՝ Ազգային Ինքնութեան Պահապան Օտար Տիրապետութեանց Ժամանակ
Հայաստանի պատմութեան մեծ մասը անցած է առանց քաղաքական անկախութեան։ Հայաստան բազմիցս բաժնուեցաւ եւ գրաւուեցաւ՝ Բիւզանդացիներու, Պարսիկներու, Արաբներու, Սելճուքներու, Մոնկոլներու, Օսմանցիներու, Թուրքերու եւ վերջապէս Ռուսերու կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, ի գին բոլոր փորձութիւններուն, Հայ Առաքելական Եկեղեցին մնաց միակ հաստատութիւնը, դարերու ընթացքին, որ շարունակ գոյութիւն ունեցաւ իբրեւ հայ ազգային ուժ։ Միաժամանակ, ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու, հայերը երբէք չձուլուեցան որպէս ժոովուրդ:
Էջմիածնի, թէ Հռոմկլայի, Աղթամարի, Սիսի եւ Ծամնդաւի Կաթողիկոսութիւնները դարեր շարունակ ծառայեցին իբրեւ ազգային կառոյցներ։ Երբ թագաւոր չկար, եկեղեցին դարձաւ պետական մարմին, իսկ կաթողիկոսը՝ ազգի բարոյական առաջնորդ։
Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպիսկոպոսի բառերով՝ «Հայ եկեղեցին այն եզակի հաստատութիւնն է, որուն մէջ ազգը կրցաւ շարունակել իր պետական կեանքը առանց թագաւորութեան»։
Եկեղեցին երեք հիմնական առաքելութիւն կը կատարէր․
Ա. Հոգեւոր Իշխանութիւն – առաջնորդելով հաւատացեալները, պահելով սուրբ պատարագը, ծէսը, բարոյական եւ կրօնական կեանքը։
Բ. Կրթական եւ Մշակութային Առաջնորդութիւն – վանքերը կը գործէին իբրեւ դպրոցներ, վանականները՝ գիտնականներ, ուսուցիչներ, պատմագիրներ ու մշակոյթի գործիչներ էին։
Գ. Արուեստի եւ Ճարտարապետութեան Խնամակալութիւն – եկեղեցիները, խաչքարերը, լուսազարդ ձեռագիրները եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը կը դառնային հայ ինքնութեան տեսանելի խորհրդանիշները։
Այսպէս, եկեղեցին կ’աշխատէր գրեթէ որպէս ազգային կառավարութիւն՝ աքսորի մէջ:։ Երբ թագաւոր չկար, նախարարական տուները անշքացած էին, կաթողիկոսը կը դառնար խորհրդանշական առաջնորդ, պետութիւնը կը փոխարինուէր Հայ եկեղեցիով։ Երբ զօրք չկար, եկեղեցւոյ աղօթքներն ու շարականները կը պաշտպանէին ժողովուրդին ոգեղէն կամքն ու հոգին։
Մովսէս Խորենացին, հինգերորդ դարու պատմագիրը, հայերը կը նկարագրէր որպէս «մէկ ժողովուրդ, որ կառչած է իր յիշողութեան»։ Իսկ այդ յիշողութիւնը, առաւելապէս, եկեղեցին պահպանեց։
Դ. Հայ Եկեղեցւոյ Ազգային Դիմագիծը
Ի՞նչ է «ազգային դիմագիծը» Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։
Այն որ, Հայ Եկեղեցին միաժամանակ հոգեւոր է եւ ազգային։ Շատ եկեղեցիներ կը ծառայեն միայն կրօնական քարոզչութեամբ ու նպատակի համար․ իսկ Հայ Եկեղեցին միշտ ունեցած է երկակի առաքելութիւն։ Իսկ անոր ազգային դերակատարութիւնը պատմական հանգամանքներու բերումով էր եւ ոչ՝ վարդապետական-աստուածաբանական առումով: Հայ եկեղեցւոյ կոչումն էր՝ վտանգուած ազգի մը գոյութիւնը ապահովել եւ ամրապնդել:
Կարծէք մեր ճարտարապետութիւնը՝ Անիի վեհ եկեղեցիները, Էջմիածնի Մայր Տաճարը, Վանի Ս. Աղթամար եկեղեցին, Հաղբատն ու Սանահինը, Հաղարծինը, Դադիվանքն ու Գանձասարը, Գլաձորը, Գոշավանքն ու Մշոյ Ս. Կարապետը, Տաթեւի, Ս. Թադէի վանքերը, եւ հազարաւոր վանքերն ու եկեղեցիները ոչ միայն պաշտամունքի վայրեր էին, այլ ազգային խորհրդանիշներ, մշակոյթի կոթողներ, երգերու ու բանաստեղծութիւններու ներշնչման աղբիւր։
Կարծէք մեր երաժշտութիւնը՝ շարականները, եկեղեցական սուրբ օրհներգները, Նարեկացիի, Շնորհալիի եւ կոմիտասի երգերը ոչ միայն եկեղեցական երգեր են այլեւ հայկականութիւն բաբախող եւ իրենց մէջ կրողը մեր ժողովուրդի ձայնին, հողին ու հոգիի մեղեդիին։
Կարծէք մեր պատարագը՝ հայերէն լեզուով, սոսկ ծէս ու երգեցողութիւն չէր, այլեւ, ազգային ինքնութեան կենդանի վկայութիւն: Հայ եկեղեցին կը մարմնաւորէր ոչ միայն հաւատքի տունը, այլ նաեւ Հայրենիքի խորհրդանիշը:
Ահա այս երկակի ինքնութիւնը՝ հոգեւոր եւ ազգային, Հայ Եկեղեցւոյ տուած է անոր եզակի դերը։ Ան ոչ միայն աւետարան կը քարոզէր, այլ նաեւ հայուն ինքնութեան եւ պատմական երթին ու գոյութեան Աստուածային ձայնը կը փոխանցէր: Յովհաննէս Քաջազնունիի բառերով՝ «Եկեղեցւոյ դերը մեր պատմութեան մէջ անուրանալի է։ Ան՝ մեր պետականութեան նախահայրը եղաւ, եւ այսօր ալ ազգին հոգեւոր պետութիւնը կը մարմնաւորէ»:
Խաչիկ Տէտէեան
Շարունակելի*Դասախօսութիւն՝ կարդացուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 9 Նոյեմբեր 2025-ին, Ազգակերտում խորագրով ձեռնարկին: