3. ԽԱՐՏԱՒԻԼԱԿ
Բառը յունական ծագում ունի եւ կը նշանակէ հաւատարմատար:
Մեր մօտ այս բառը կը գործածուի ձեռնադրութեանց ընթացքին որպէս արարողապետ:
Խարտաւիլակը ինքն է, որ ընծայեալը կը ներկայացնէ ձեռնադրող եպիսկոպոսին եւ միանգամայն վկայութիւն կու տայ ընծայեալի արժանաւորութեան մասին:
Յատկապէս եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընթացքին ծնրադրած ի՛նք կ’առաջնորդէ եպիսկոպոսութեան կոչուող ընծայեալները դէպի արծիւը, ուր նստած կ’ըլլայ Վեհափառ Հայրապետը երկու առընթերակայ եպիսկոպոսներով:
Իսկ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Կաթողիկոսական օծման, ինքն է դարձեալ որ կը ղեկավարէ արարողակարգը եւ ընդհանուր տնօրինումները կը կատարէ:
Վերոյիշեալ եզակի արարողութիւններուն խարտաւիլակը կիսազգեստ կը հագնի գլխուն սաղաւարտ մը ունենալով: