12 – Ուրար

Սարկաւագութեան խորհրդանիշն ու աստիճանը բացայայտողը ուրարն է: Հինգ մատնաչափ լայնքով եւ երկու հասակ երկայնքով, թաւշեայ, ասեղնագործ եզերումով այն ժապաւէնանման կտորն է, որ սարկաւագներ իրենց ձախ ուսին կը դնեն եւ, որ առջեւէն ու ետեւէն մինչեւ շապիկին ծայրամասը կ’իջնէ:
Ուրարը խորհրդանիշն է լուծին: Սարկաւագութեան ձեռնադրութեան ընթացքին, ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը հետեւեալ բանաձեւումով ուրարը ընծայեալին ուսին տեղադրելով կ’ըսէ.- Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն ա՛ռ մաքուր եւ սուրբ այս ուրարը, եւ մեղքի բոլոր պատրանքները թօթափէ երբ իր ներկայութեան կը հագնիս: Կեանքդ ու վարքդ օրինակ թող ըլլայ այս ժողովուրդին, որ սուրբ հաւատքով Քրիստոսի միացած է, որպէսզի տեսնեն թէ կը կատարես այն բաները որոնցմով կրնաս հասնիլ կեանքին, այսինքն՝ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հետ միութեան: Անիկա յաւիտեան օրհնեալ է. Ամէն:

Տօնական օրերուն, երբ պատարագիչը եպիսկոպոս է, սարկաւագները զոյգ բուրվառ կ’ընեն: Նման պարագաներու, ուրարը մէկ մարդաչափ աւելի երկար պէտք է ըլլայ, իսկ անոր գործածութեան երկու տարբերակներ կան.
Ա.- Ուրարի կեդրոնական բաժինը առաջամասէն մէջքին վրայ կ’ամրացուի, ապա աջ ծայրը ետեւէն շեղակի կը տարուի դէպի ձախ ուսը եւ առջեւ բերելով վար կ’իջնէ, անցնելով մէջքին ամրացած բաժնին տակէն եւ ծայրը կը հասնի մինչեւ շապիկին առջեւի ծայրամասը: Նոյնպէս այս անգամ ձախ ծայրամասը ետեւ կը տարուի եւ աջ ուսին վրայով առջեւ բերուելով վար կ’իջնէ, անցնելով մէջքին ամրացուած բաժնին տակէն եւ ծայրը կ’իջնէ մինչեւ շապիկին ծայրամասը:
Ուրեմն այս ձեւով մենք կ’ունենանք թիկունքին խաչաձեւում մը, իսկ առաջամասին՝ ուրարին զուգահեռական երկու ծայրամասերը վար կախուած:

Բ. Երկրորդ ձեւը ա ւելի պարզ է, երբ ուրարին կեդրոնական մասը մեր աջ անութին տակ առնուի,մէկ ծայրը շեղակի կը տարուի կրծքավանդակին վրայով դէպի ձախ ուսը եւ թիկունքէն կ’իջնէ մինչեւ շապիկին ծայրամասը: Իսկ երկրորդ ծայրը՝ այս անգամ շեղակի թիկունքէն բերուելով դէպի ձախ ուսը, կրծքավանդակէն կ’իջնէ դէպի շապիկին առջեւի ծայրամասը:
Թեմական եկեղեցիներուն մէջ երբեմն սարկաւագներու չգոյութեան հետեւանքով, առաջնորդներ նուիրեալ եւ վաստակաշատ ծառայութիւն ունեցող դպիրներուն ուրար կրելու իրաւունք կը շնորհեն:
Ուրարակիր դպիրներ իրաւունք ունին խնկարկելու, քարոզները կարդալու եւ սեղանին սպասարկելու: Նոյնիսկ առաջնորդ սրբազանին արտօնութեամբ ճաշու Աւետարանը կարդալու:
Իսկ վերաբերում ընելու իրաւունքը միայն աւագ սարկաւագներուն վերապահուած է: