10 – ՊԱՆԱԿԷ
Եպիսկոպոսական պատուանշան մըն է պանակէն, որ մասնաւոր շղթայով վիզէն կը կախուի:
Յետ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման, վեհարանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը Պահպանիչ-ով օրհնելէ ետք նորընծայ եպիսկոպոսները, անոնց իւրաքանչիւրին վիզէն պանակէ մը կը կախէ:
Պանակէ անունը յունական բանակիան է, որ կը նշանակէ Ամենասուրբը՝ Աստուածամայրը:
Մենք հայերէնով սովոր ենք կոչել պանակէ, որ ձուաձեւ կամ կլոր կ’ըլլայ եւ Աստուածամօր նկարը կ’ունենայ:
Պանակէն թագ մը կը կրէ, որուն ետին օղակէն կախուած կ’անցնի շղթան: Լանջախաչին նման ստորոտին ականակուռ զարդ մը կախուած կ’ըլլայ:
Պանակէներ կան, որոնք Քրիստոսի նկարը կը կրեն եւ կամ տէրունի այլ նկարներ: Վերջերս էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը հայադրոշմ պանակէներ պատրաստել տուաւ, որոնց վրայ Աստուածամօր պատկերը հայ մեծ վրձիններու կնիքը կը կրէ: Այս շարքին մէջ օրինակ մը կայ, որ գեղադրուագ բարձրաքանդակով Աստուածաշնչական համար մը կը ներկայացնէ, համար մը որ թարգմանիչ վարդապետներու շունչով օծուն՝ հայ նշանագրերով շնչաւորուեցաւ եւ արձանագրուեցաւ. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: