ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՇԱՐՔ

9 – ԱՍԱ

Հովուական ցուպը խորհրդանշող գաւազանը կը կոչուի ասա:

Ասան արաբերէնէ փոխ առնուած բառ մըն է, որ կը նշանակէ գաւազան: Կուտայ նաեւ հեղինակութեան իմաստ, այլեւ՝ սաստելու, խրատելու եւ պատժելու իշխանութիւն:

Կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ, անոնք ըլլան վարդապետ կամ եպիսկոպոս, պաշտօնական այցելութիւններու ընթացքին իրենց ձեռքին կ’ունենան ասան, որպէս հովիւ եւ հովուապետ:Ծիսակատարութեանց ընթացքին, եկեղեցիներուն մէջ գործածուող օձագլուխ գաւազաններուն հետ պէտք չէ շփոթել ասան: Առաջինները կը բնորոշեն կուսակրօն եկեղեցականին վարդապետական կամ եպիսկոպոսական իշխանութիւնը, այլեւ՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու իրաւասութիւնը: Իսկ երկրորդը՝ ասան, որ ոսկի կամ արծաթ կլոր գլուխ կ’ունենայ, կը հաստատէ եկեղեցականին հովուապետական կամ առաջնորդական հանգամանքը: