ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՇԱՐՔ

7 – ԱՐԾԻՒ

50-75 սմ. Տրամագիծ ունեցող եւ արծիւի պատկերով կլոր գորգ մըն է, որ կը դրուի կաթողիկոսական գահին առաջամասը: Անոր վրայ կը կենայ կաթողիկոսը:

Այս գորգը երբեմն հիւսուած կ’ըլլայ նրբարուեստ կտաւի վրայ:

Արծիւը երկնքի թռչնազգիներուն թագաւորը նկատուած է եւ ամենէն բարձր ճախրող թռչունը:

Այս գորգի գործածութիւնը վերապահուած է կաթողիկոսներուն, կը դրուի հոն, ուր կաթողիկոսը կը նստի կամ կը կենայ՝ քարոզելու եւ պատգամելու համար:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընթացքին, ձեռնադրութեան Մաշտոցը կը հրահանգէ ընծայեալ եպիսկոպոսցուներուն յառաջանալ դէպի արծիւը՝ այսինքն հոն, ուր նստած է կաթողիկոսը:

Արծիւի երկրորդ խորհրդանշանը մենք կը տեսնենք ոսկեայ որպէս զարդ կաթողիկոսներու կուրծքին՝ ինչ որ պանակէին եւ խաչին հետ երրեակ ներդաշնակութիւն մը կը կազմեն:

Զարդ արծիւը կը խորհրդանշէ կաթողիկոսներուն հոգեւոր գերագոյն իշխանութիւնը:Արծիւի գործածութիւնը ընդհանրացած է նաեւ Երուսաղէմի պատրիարքներուն մօտ: