6 – ԱՄՊՀՈՎԱՆԻ
Հովանոցի տարբերակ մըն է, ո՜չ թէ անձրեւէն կամ արեւէն պաշտպանուելու, այլ՝ իշխանութեան հանգամանքը խորհրդանշելու համար: Այսօր կաթողիկոսական եւ պատրիարքական թափօրներունառաւել փառք, պատիւ եւ մեծարանք ընծայելու կը ծառայէ անիկա:
Ամպհովանին քառանկիւն ազնիւ կերպասէ պատրաստուած կ’ըլլայ, չորս եզերքները՝ ծոպերով շրջապատուած: Իսկ անոր չորս անկիւնները գտնուող օղակները ագուցուած կ’ըլլան չորս ձողերու, որոնք կը բարձրացուին չորս պատուական ազգայիններու կողմէ (Ազգ. ժողովականներ կամ Ազգ. բարերարներ), իրենց միջեւ առնելով թափօրին հանդիսապետը՝ պատարագիչ կաթողիկոսը կամ պատրիարքը:
Չորս ձողերուն վերի ծայրերը եւ ամպհովանիին կեդրոնը ամրացուած կ’ըլլան մետաղեայ հինգ խաչեր, որոնք ե՜ւս առաւել վեհութիւն կու տան ամպհովանիին:Անցեալին ամպհովանին կը գործածուէր նաեւ թեմակալ առաջնորդներուն համար: