5 – ՇՈՒՐՋԱՌ
Քահանայական բոլոր աստիճաններու ծիսական զգեստին կարեւորագոյն մասն է շուրջառը, ինչ որ իր ճոխութեամբ եւ գեղեցկութեամբ հաւատացեալներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ:
Շուրջառը կը կոչուի նաեւ նափորտ: Ձեռնադրութեան ընթացքին ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը հետեւեալ աղօթքով ընծայեալին ուսերուն կը ձգէ եւ արծաթեայ ճարմանդով կ’ամրացնէ զայն անոր կուրծքին, ըսելով.- Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, փրկութեան զգեստ եւ ուրախութեան նորակերտ պատմուճան կը հագցնէ քեզի, որպէսզի նոր եւ հոգեւոր կեանք մը վայելես…:
Իսկ զգեստաւորութեան պահուն պատարագիչ քահանան հետեւեալ աղօթքը կը կարդայ.- Տէր, քու ողորմութեամբդ պայծառութեան զգեստ հագցուր ինծի, եւ պարսպէ չարին բոլոր ներգործութիւններուն դէմ, որպէսզի արժանի ըլլամ փառաւորելու անունդ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով:
Շուրջառը Ս. Պատարագէն զատ կը գործածուի նաեւ խորհրդակատարութիւն-ներու ընթացքին, Ս. Աւետարանի ընթերցման պահուն, երբ արարողութիւնը Ատեանի մէջ տեղի կ’ունենայ, ինչպէս Տէրունի տօներուն երբ Օրհնութիւնը Ատեանէն կ’երգուի, երբ Անդաստան կը կատարուի, Նախատօնակի ընթացքին, Հոգեհանգստեան արարող-ութեան եւ այլազան առիթներով:
Շուրջառը կիսաբոլորակ ձեւ մը ունի, երբ երկու ծայրամասերը բարձր բռնենք՝ ուղիղ գիծ մը կ’ունենանք, եւ մէկ ծայրին կլոր կտրուածքը կը յանգի միւս ծայրին, կիսաբոլոր ձեւ մը տալով անոր:
Յատկապէս Ս. Պատարագի ընթացքին գործածուած շուրջառները միջին մեծութեամբ խաչ մը կ’ունենան կռնակին, ինչ որ եւս առաւել կը գեղեցկացնէ շուրջառը եւ կը յիշատակէ Փրկագործութեան Խորհուրդը:
Ընդունուած է, որ Ս. Պատարագի շուրջառին կերպասով պատրաստուած ըլլան նաեւ բազպաններն ու փորուրարը, ներդաշնակութիւն մը տալով զգեստաւորումին:Մեր հոգեւոր կեդրոններու գանձատուներուն մէջ ոսկեթել ասեղնագործութեամբ գեղեցիկ եւ հրաշալի շուրջառներ կան, որոնք այսօր կը պատմեն մեզի հայ ժողովուրդի բարեպաշտութեան եւ հաւատքի բարձր չափանիշը, որոնց շնորհիւ անոնք անգին գանձեր կտակած են մեզի, գանձեր որոնք միանգամայն փառքը կը հիւսեն հայ կնոջ ձեռարուեստին: