ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՇԱՐՔ

ԲԱԺԱԿԱՄԱՆ

Բաժակամանը ապակիէ շինուած փոքր, գեղեցիկ այն սրուակն է, որուն մէջ կը լեցուի Ս. Պատարագին ընծայուող գինին. Յաճախ շինուած կ’ըլլայ արծաթեայ ազնիւ մետաղով։ Ներելի չէ, որ գինին Ս. Սեղանին ընծայուի դեղորայքի կամ այլ ըմպելիներու համար գործածուող շիշերով: Նոյնիսկ արտօնելի չէ, որ սեւ սրուակ կամ շիշ գործածուի գինիի ընծայման համար։ 

Դպիրներու ձեռնադրութեան ընթացքին, ձեռնադրող եպիսկոպոսը դատարկ բաժակամանը կու տայ ջահընկալութեան կոչուած ընծայալներուն ձեռքը, ըսելով.-

 «Ա՜ռ այս բաժակամանը եւ գինի լեցուր [Պատարագի] Ս. Խորհուրդին ի սպաս»։ Ուրեմն ջահընկալին պաշտօնն է միշտ մաքուր պահել գինիի բաժակամանը եւ գինիով լեցուն ընծայել Ս. Պատարագին։ Բաժակամանին մէկ տարբերակը կը գործածուի պսակադրութեան խորհուրդի ընթացքին, փեսային եւ հարսին օրհնուած գինին հրամցնելու համար։

ՑՕՂԻԿ ԿԱՄ ՍՐՍԿԱՄԱՆ ՍՐՈՒԱԿ

Հայց. Եկեղեցւոյ ծիսակարգին մէջ փառահեղ արարողութիւն է Խաչվերացի Տաղաւարի երեկոյեան Խաչի Անդաստանը։ Այս Անդաստանը կը զատորոշուի մեր եկեղեցական սովորական այլ Անդաստաններէն։ 

Հանդիսապետող առաջնորդը կամ բարձրաստիճան եկեղեցականը, իր պատարագի հանդերձանքով, մեծ թափօրով եկեղեցի կ’առաջնորդուի։ 

Թափօրին առջեւէն երկու քահանաներ սկուտեղի մը մէջ ռէհաններով զարդարուած ճաճանչը շալկած կ’ըլլան, որուն մէջ Կենաց Փայտի մասունքը պէտք է ըլլայ։ 

Իսկ քահանայ մը ցօղիկով ծաղիկի ջուր կը սրսկէ հաւատացեալ ժողովուրդին վրայ, ամէն անգամ, որ հանդիսապետող բարձրաստիճան եկեղեցականը օրհնելէ եւ տեառնագրելէ ետք աշխարհի չորս կողմերը, քառասուն անգամ Տեր ողորմեայ կը հայցէ Ամէնակալէն։ Ուրեմն ցօղիկը կամ սրսկման սրուակը տարին մէկ անգամ գործածուող սպաս մըն է մեր եկեղեցիէն ներս։

ՍԿԻՀ

Վերջին Ընթրիքը յիշատակող, մեծ եւ հանճարահրաշ խորհուրդի կատարման հիմնական եւ սրբազան սպասն է սկիհը։ 

Բաժակն է ան, որուն մէջ գինին Քրիստոսի Արեան կը փոխարկուի եւ նշխարը կը դառնայ Մարմին Քրիստոսի, որպէս մեղսաքաւիչ մասունք եւ հոգեւոր սնունդ բաշխուելու համար հաւատացեալներուն։ 

Սկիհը պէտք է արծաթէ մետաղով  պատրաստուած ըլլայ իսկ բաժակին ներքին մասը ոսկեզօծուած։ Այսօր Հայց. Եկեղեցին իր հոգեւոր գանձատուներուն մէջ ունի երկու երեք դարերու հնութեամբ քանդակազարդ սկիհներ, որոնք յիրաւի անկորնչելի մշակութային հարստութիւններ են։

ՇՌՆԻՃ

Կուժանման փոքր ջրաման մըն է շռնիճը։ Ս. Պատարագի ընթացքին սարկաւագը փոքր կոնքին հետ միասին ի ձեռին ունենալով, կը մօտենայ պատարագիչին՝ անոր ձեռքերը լուալու։ Շռնիճը նեղ վիզ մը կ’ունենայ, գոգաւոր մէջքով, որուն յատակէն՝ բարձրացող ջրհոսի խողովակէն ջուրը կը հոսի կոնքին մէջ։ Մալխասեան բառարանը հետեւեալ հոմանիշը կու տայ շռնիճին . – Ջրածիկ։