ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՇԱՐՔ

19. Փիլոն

Փիլոնը ծիսակատարութիւն ընթացքին եկեղեցականներուն կողմէ գործածուած սքեմն է վերարկուին վրայէն։ 

Անիկա եկեղեցականներուն ուսերը իր մէջ առնող եւ մինչեւ ոտքերուն ծայրամասերը իջնող, իսկ կուրծքին՝ մասնաւոր ճարմանդով ամրացուած կ’ըլլայ։

Փիլոնը յար եւ նման է շուրջառին, բայց սեւ կերպասով պատրաստուած կ’ըլլայ:

 Վաստակաշատ քահանաներուն Վեհափառ Հայերապետը մասնաւոր կոնդակով սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ։ Վարդապետներու համար ծաղկեայ փիլոնը կապոյտ գոյն կերպասով ընդունելի է։ Իսկ ծայրագոյն վարդապետներու եւ եպիսկոպոսներու պարագային՝ մանիշակագոյն։ 

Ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը երբ փիլոնի տուչութիւնը կը կատարէ հետեւեալ բանաձեւը կ’ըսէ. Արդարութեան այս զրահը ա՜ռ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն։

Փիլոնը խորհրդանիշն է եկեղեցականութեան, այն եկեղեցականը որ շեղի իր ընթացքէն, Վեհափառ Հայրապետը զգաստութեան հրաւիրելու Համար զինք՝ փիլոնազուրկ կը հռչակէ, ինչ որ կը նշանակէ ժամանակաւորապէս զրկել եկեղեցական բոլոր ծիսակատարութիւններէն։