ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՇԱՐՔ

15 – ՎԵՂԱՐ

Կուսակրօն եկեղեցականութեան կողմէ կը գործածուի վեղարը:

Անցեալին ան մենակեաց կրօնաւորներուն կողմէ գործածուած է, որպէս աշխարհը ուրացող անապատականներու, որոնք սրբակեաց կեանքի մը որդեգրումով՝ կ’ապրէին մարդկութենէ հեռու, առանձնական կեանք մը, աղօթքով եւ խոկումներով իմաստաւորուած:

Սեւ է անոր գոյնը, որ կ’անցնի սրածայր գլխանոցի մը վրայէն (վանական շրջանակի մէջ թօփիկ կը կոչէին), առաջամասով կը ծածկէ կրօնաւորին ճակատը, իսկ ետեւի մասը կ’երկարի մինչեւ անոր մէջքը:

Այսօր եւս վեղարը արտաքին նշանն է բոլոր այն եկեղեցականներուն, որոնք կուսակրօնութեան ուխտ կը կատարեն եւ իրենց կեանքը կ’ընծայեն Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին: 

Մեր եկեղեցիէն ներս վեղարի տուչութիւնը մասնաւոր արարողութեամբ կը կատարուի: Երբ ընծայեալը կուսակրօնութեան ուխտ կը կատարէ քահանայական ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք ձեռնադրող եպիսկոպոսը հանելով նուիրեալին գդակը (ջբրունը)՝ վեղարը կը դնէ ըսելով.- «Աստուած թող հին մարդը հանէ՛ իր գործերով միասին եւ քեզի հագցնէ նոր մարդը՝ Աստուծոյ [պատկերին] համաձայն ստեղծուած, որպէսզի արդարութեամբ, սրբութեամբ եւ ճշմարտութեամբ (ապրիս)»:Ամենայն Հայոց Վեհափառ հայրապետը իր վեղարին վրայ ադամանդակուռ խաչ կը կրէ, որպէս պատուանշան՝ անցեալին Ռուս ցարին կողմէ շնորհուած: