ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՇԱՐՔ

14 – ԳԱՒԱԶԱՆ

Եկեղեցիէն ներս գաւազանը հոգեւոր իշխանութեան խորհրդանիշն է: Կուսակրօն եկեղեցականներու հովուական եւ հովուապետական հանգամանքը կը բնորոշէ:

Նախապէս մենք տեսանք, որ ասան, արծաթեայ կլոր գլուխով, կաթողիկոսներու, պատրիարքներու եւ առաջնորդներու պաշտօնական այցելութիւններու ընթացքին գործածուած գաւազանն է:

Եկեղեցիէն ներս գործածուող գաւազանը կը զատորոշուի ասայէն: Այս գաւազանը քարոզի ընթացքին, կամ եկեղեցական արարողութիւններուն հանդիսապետող կուսակրօն եկեղեցականները՝ անոնք ըլլան կաթողիկոս, եպիսկոպոս թէ վարդապետ, իրենց ձեռքին կը բռնեն, որպէս խորհրդանիշ իշխանութեան: Գաւազանը ձեռնադրութեան ընթացքին մասնաւոր օրհնութեամբ, աղօթքով եւ բանաձեւով կը տրուի վարդապետին եւ եպիսկոպոսին:

Վարդապետական գաւազանի տուչութիւնը կը կատարուի չորս հանգրուաններով, իւրաքանչիւր հանգրուանին, մասնաւոր բանաձեւով մը տուչութիւն կատարող եպիսկոպոսը գաւազանը կը յանձնէ նուիրեալին:

Իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան գաւազանի տուչութիւնը կը կատարուի տասը հանգրուաններով, իւրաքանչիւր հանգրուանին՝ մասնաւոր բանաձեւով: Ուրեմն վարդապետական իշխանութիւնը տասնչորս աստիճաններէ կը բաղկանայ: Առաջին չորս աստիճանները՝ Մասնաւոր վարդապետութեան տիտղոսն է, որ կը շնորհէ, իսկ յաւելեալ տասը աստիճանները Մեծ վարդապետի՝ ծայրագնութեան տիտղոսը: (*)

Եպիսկոպոսական գաւազանի տուչութիւնը կաթողիկոսն է որ կը կատարէ, ձեռնադրութեան ընթացքին հետեւեալ բանաձեւը ըսելով. 

«Առէ՛ք առաջնորդական պատիւ այս ցուպը եւ գաւազանը՝ արդար եւ անաչառ իրաւունքով դատելու համար չարիք գործողները, իսկ հնազանդները հովուելու եւ մշտականօրէն արածելու՝ Աստուծոյ օրէնքներով ու պատուիրաններով»:

Վարդապետական եւ եպիսկոպոսական գաւազանները իրենց գլուխով կը տարբերին իրարմէ:

Վարդապետական գաւազանը օձագլուխ է, երկու կամ չորս օձերու գլուխներով, որոնք դէպի վեր, դէմ յանդիման են, կեդրոնը՝ փոքր գունտ մը կայ եւ վրան՝ փոքր խաչ մը:

Չորս գլխանի օձերով գաւազանը մասնաւոր իշխանութիւն մը չի բնորոշեր, աւելի ուշ ժամանակներուն մուտք գործած է մեր եկեղեցիներէն ներս, ընդհանրապէս կ’ենթադրուի, որ արուեստագէտ ոսկերիչներու մտքին յղացքը եղած է ան, աւելի զարդարուն ներկայացնելու համար գաւազանը:

Այսօր չորս գլխանի օձերով զարդարուած գաւազաններու գործածութիւնը վերապահուած է կաթողիկոսներուն: Եւ երբեմն օձի փոխարէն չորս աղաւնիի գլուխներով զարդարուած կ’ըլլան անոնք: 

Եպիսկոպոսական գաւազանը երկու տեսակ է: առաջինը՝ գաւազանէն բարձրացող օձին գլուխը պարզ կլոր մը կազմած է: Իսկ երկրորդը, որ աւելի ընդհանրացած է, օձին գլուխը ինքն իր վրայ դարձած, գալարուն, փոքր տերեւներով եւ զարդերով նաշխուած է:

Վարդապետական գաւազանը քարոզելու իշխանութիւնն է, որ կուսակրօն եկեղեցականին կու տայ, իշխանութիւն՝ քրիստոնէական ուղիղ դաւանանքին մէջ պահելու եկեղեցւոյ հաւատաւոր հօտը: Կարելի է ըսել, որ անիկա կրկնօրինակն է Մովսէսի պատրաստած պղինձէ օձին, որուն հայողները կը փրկուէին անապատի օձերուն եւ կարիճներուն խայթոցներէն:

Իսկ եպիսկոպոսական գաւազանը, կը խորհրդանշէ առաջին մեծ քահանայապետին՝ Ահարոնի ծաղկեալ գաւազանի իմաստն ու նշանակութիւնը:

*Վարդապետական գաւազանի տուչութեան պահուն, գաւազանին գլուխը մասնաւոր սպիտակ քօղով մը պարուրուած կ’ըլլայ եւ ժապաւէնով՝ կապուած: