2. Լանջախաչ
Լանջախաչը եկեղեցական հայրերուն կուրծքը զարդարող ոսկեզօծ կամ արծաթեայ այն մետաղեայ խաչն է, որ մասնաւոր շսթայով կախուած կ’ըլլայ քահանայ հայրերուն եւ վարդապետներուն վիզէն:
Լանջախաչի կիրառութիւնը օտարամուտ սովորութիւն է հայ եկեղեցականութեան կեանքէն ներս: Անիկա 19-րդ դարու սկզնաւորութեան սկսած է գործածուիլ հայ եկեղեցականութեան կողմէ:
Քահանայ հայրերու լանջախաչը կը տարբերի վարդապետական խաչէն: Քահանայ հայրերու լանջախաչը ընդհանրապէս ոսկեզօծեալ պվինձով կամ արծաթեայ մետաղով պատրաստուած կ’ըլլայ, յաճախ նրբարուեստ բայց միշտ պարզ:

Իսկ վարդապետական լանջախաչը նոյն չափը կ’ունենայ, սակայն ականակուռ քարերով զարդարուած կ’ըլլայ: Այդ իսկ պատճառով կը կոչուի ականակուռ լանջախաչ:
Եւս առաւել, վարդապետական լանջախաչը վերի ծայրամասին ռուսական ցարերու թագին նման թագ մը կ’ունենայ, որուն ետին գտնուող օղակէն կ’անցնի շղթան,, իսկ վարի ծայրամասին կը գտնուի արցունքի ձեւով ականակուռ զարդ մը, որ օղակով մը ագուցուած է լանջախաչին, ինչ որ կ’ամբողջացնէ խաչին ներդաշնակ գեղեցկութիւնը:
Լատին եկեղեցւոյ մէջ, վարդապետներ իրաւունք չունին լանջախաչ գործածելու: Անոնց մօտ լանջախաչը վերապահուած է եպիսկոպոսներուն, որոնք զայն կը գործածեն իր պարզ վիճակին մէջ, լոկ որպէս ոսկեզօծեալ խաչ:
Քահանայ հայրերուն եւ վարդապետներուն լանջախաչ կրելու իրաւունքը, Վեհափառ Հայրապետն է, որ կը շնորհէ մասնաւոր Օրհնութեան Գիրով, գնահատելով նուիրեալին վաստակաշատ ծառայութիւնը: